2012-07-04 11:57:31

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի Գործունէութիւնը։


Այսօր երկուշաբթի 2 յուլիս 2012-ի առաւօտեան ժամը 11ին Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը, իր գրասենեակի մէջ ընդունեց, Սուրբ Աթոռի տնտեսութեան նախարարութեան Նախագահ` Կարտինալ Ճուզեբբէ Վէրսալտին` հուսկ ունկնդրութիւն շնորհեց Միջկրօնական երկխօսութեան Ժողովի երբեմնի քարտուղար` գերապայծառ Փիէր Լուիճի Չէլաթայի։

Իսկ երէկ կիրակի 1 յուլիս 2012-ի կէսօրին Նորին Սրբութիւնը իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանեց հրեշտակ Տեառն Մարեմեան Աղօթքը։ Հակառակ սաստիկ տաքին, բազմաթիւ հաւատացեալներ եւ ուխտաւորներ ս. Պետրոսւի հրապարակը համախմբուած էին Սրբազան Քահանայապետին հետ աղօթելու համար Հրեշտակ Տեառն աղօթքը եւ միաժամանակ անսալու անոր արտասանած խորհրդածութիւնը։
Եթէ մարդը արդարօրէն Աստուծոյ օգնութիւնը կը հայցէ լուծելու համար իր հարցերը ու դրական կարիքները, ան պէտք է նաեւ աշխատի <<գերազանցելու համար կեանքի նիւթական ու հորիզոնական տեսութիւնը>> ըսաւ Սրբազան Հայրը մեկնաբանելով օրուան Աւետարանը որ կը խօսէր Յիսուսի հրաշագործ երկու բուժումներու մասին։
Սրբազան Քահանայապետը հաստատեց որ Աստուծմէ միշտատեւ խնդրելու ենք աւելի ամուր հաւատք մը որպէսզի Տէրը բարենորոգէ մեր կեանքը։ Կանչուած ենք - աւելցուց Ան - Խնամակալ Տիրոջ հանդէպ ունենալու ամուր վստահութիւն ու սէր։
Յիսուսի հոգատարութիւնը հիւանդներու հանդէպ մեզի կը յիշեցնէ մասնաւորապէս բժիշկները, առողջապահութեան նուիրւող անհատները եւ հիւանդապահ մատրանապետները. այս վերջիները - ընդգծեց Սրբազան Հայրը - կը ցոլացնեն Աստուծոյ սէրը որ կը հայթայթէ անդորրութիւն ու յոյս` տառաող անհատներուն։
Ապա Նորին Սրբութիւնը ֆրանսախօս խումբին խօսքը ուղղելով հրաւիրեց զանոնք որ արձակուրդի ժամանակը` ըլլայ առիթ Աստուծոյ նուիրելու ու դրականօրէն օգնութեան հասնելու կարօտեալներուն։ Ս. Կոյս Մարիմաի օրինակին հետեւելով մէկդի դնենք մեր վախերն ու տարակոյսները եւ ուրախութեամբ վկայութիւն տանք մեր հաւատքին։
Իսլ լեհ ուխտաւորներուն ըսաւ` արձակուրդի ընթացքին աւելի ժամանակ յատկացուցէք Աստուծոյ ու մարդոց եւ, մինչ բնութեան մէջ կ'ապրիք, ջանացէք զօրացնել ձեր հոգեւոր կեանքը աղօթքի եւ հոգեւոր ընթերցումին միջոցաւ ։
Մարեմեան աղօթքը աւարտին Սրբազան Հայրը ջամբեց իր հայրական օրհնութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.