2012-07-04 12:44:11

Էջ Մը Հայ Մատենագրութենէն։
ԹԷՈԴՈՐՈՍ ՔՌԹԵՆԱՒՈՐ


Թէոդորոս խստակրօն ճգնաւոր մըն է որ ապրած է Է. դարուն, Իսրայէլ Կաթողիկոսի օրով։ Ըստ ոմանց, ան եղբօրորդին էր Կոմիտաս Կաթողիկոսին եւ քեռորդին Եզր Կաթողիկոսին. Աշակերտած է Մաթուսաղայի, Սիւնեաց հռչակաւոր վարդապետա-նոցին մէջ։ Ան կը պատկանի ՝՝խարազանազգեաց՝՝ կոչուած կրօնաւորական կարգին, որոնք իրենք իրենց մարմինը խարազանով կը ծեծէին, մահացուցման համար։
Հռչակաւոր էր իր հայկական եւ հելլենական գիտութեամբ, ինչպէս նաեւ իր հմտութեամբ` աստուածաբանութեան եւ իմաստասիրութեան մէջ։ Կաթողիկոսը զինք կը կարգէ վանահայր Արագած լերան ստորոտը կառուցուած Սուրբ Աստուածածնայ վանքին. Իրեն աշակերտ կ՛ըլլան մեծամեծ դէմքեր, որոնց մէջ կարելի է նշել Սահակ Ձորափորեցի Կաթողիկոսը ինչպէս նաեւ Յովհաննէս Իմաստասէր Կաթողիկոսը, որ հետագային մեծապէս դրուատած է իր ուսուցիչը եւ վանահայրը։ Օձնեցին կը համարի ինքիրեն համար մասնաւոր շնորհք մը Թէոդորոս Քռթենաւորի պէս սրբակեաց ու իմաստուն անձի մը աշակերտ ըլլալը։
Թէոդորոս նշանաւոր է իր ճառով ընդդէմ Յովհան Մայրագոմեցիի եւ անոր վնասակար ու մոլորական վարդապետութիւններուն։ Նախ կը մէջբերէ անոր զանազան առարկութիւնները ուղիղ վարդապետութեան դէմ ու զանոնք մի առ մի կը հերքէ. Ապա կը ներկայացնէ ապացոյցներ յոյն Սուրբ Հայրերէն, Յովհան Ոսկեբերանէն, Եպիփան Կիպրացիէն, Գրիգոր Աստուածաբանէն եւ Բարսեղ Կեսարացիէն, փաստելու համար ուղղութիւնը Հայ Եկեղեցւոյ ուսուցման. Ի վերջոյ կը հրաւիրէ զինք ետ դառնալու իր մոլար վարդապետութենէն եւ ընդունելու Եկեղեցւող ուղիղ ուսուցումը, մանաւանդ Յիսուսի` մարդացեալ Բանին հրաշալի խորհուրդին մասին։
Այս ճառին մէջ կը տեսնենք Թէոդորոսի հմտութիւնը Սուրբ Գրքի մէջ, իր հանճարն ու ճարտարախօսութիւնը ինչպէս նաեւ իր իմաստասիրական ուսուցման յստա-կութիւնը, որոնց կը միանայ իր հայ լեզուի բացառիկ հմտութիւնը, թէեւ կը կրէ յունաբան ոճի խրթնաբանութիւնները որոնք յատուկ էին այդ շրջանի գրողներուն։+
Թէոդորոս Քռթենաւոր ունի նաեւ ուրիշ գրութիւններ. Առաջինն է իր Ներբողեանը ի սուրբ Խաչն աստուածընկալ, որ շատ ընտիր ու գեղեցիկ պատկերներով կը դրուատէ Քրիստոսի խաչելութեան մեծ խորհուրդը. Կը զգացուի ազդեցութիւնը Դաւիթ Անյաղթ Փիլիսո-փային, այս գրութեանը մէջ։
Երկրորդն է` Գովեստ ի սուրբ Աստուածածին եւ ի Կոյսն Մարիամ ճառը, որ իրեն կը վերագրուի ընդհանրապէս, սակայն լեզուին բացառիկ խռթնութեան պատճառաւ, ոմանք կը կարծեն թէ ան գործն ըլլայ ուրիշ կրօնաւորի մը, Թադէոս անունով որ նոյն ոճով ու լեզուով շատ մը ներբողեաններ գրած է որոնք զուրկ են գրական արժէքէ։
Թէոդորոս Քռթենաւոր շատ կարեւոր կապ մըն է մեզի համար ընդմէջ 7-րդ եւ 8-րդ դարերու գրականութեան. Ինքն է ուսուցիչը եւ վարպետը իրմէ վերջ եկող ծաղկեալ ու հաճելի գրական ոճին, այնպէս որ արժանապէս Յովհաննէս Օձնեցի Իմաստասէր Կաթողիկոսը կը հպարտանայ զինք որպէս ուսուցիչ եւ օրինակ ունենալով։
Գովելի է նաեւ իր ուղղափառութեան պաշտպանութիւնը, որով կրցաւ գալիք սերունդները զերծ պահել վարդապետական մոլորութիուններէ եւ դաստիարակել Եկեղեցւոյ ուղիղ կրօնական ու աստուածաբանական հոսանքին մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.