2012-07-04 13:19:00

Ասորիներու Իրաւունքները Յարգելու Կոչ՝ Թուրքիոյ


Գերմանիոյ մէջ իշխող Քրիստոնէական միութիւն եւ Ազատական ժողովրդավար կուսակցութիւնները, ընդդիմադիր Կանաչներ կուսակցութեան հետ համատեղ, պահանջած են Թուրքիոյ իշխանութիւններէն, որ յարգեն Թուրքիոյ մէջ ապրող ասորիներու իրաւունքները եւ պահպանեն Մար Գաբրիէլ տաճարը: Թրքական լրատուամիջոցներուն համաձայն՝ կուսակցութիւնները նշած են, որ Թուրքիոյ մէջ ոչ իսլամներու իրաւունքները յաճախ կ՛ոտնակոխուին, եւ անբաւարար նկատած են վերջին քանի մը տարիներուն փոքրամասնութեան վիճակը բարելաւելու նպատակով առնուած փոքր քայլերը:
Գերմանիոյ խորհրդարանին կողմէ վաւերացուած բանաձեւին մէջ կը շեշտուի, թէ Մար Գաբրիէլ տաճարի պահպանութիւնը՝ կրօնական ազատութիւնները պահպանելու բաղկացուցիչ մէկ մասնիկն է:








All the contents on this site are copyrighted ©.