2012-07-04 12:59:28

՝՝Հայաստանը Եւրոպային Պիտի Մօտեցուի, Երբ Հասարակութեան Լայն Շերտերը Գործընթացը Ընկալեն՝՝. Կը Յայտարարէ Հերման Վան Ռոմբէյ.


՝՝Հայաստանը Եւրոպային մօտեցնելը պիտի իրականացուի, երբ այդ գործընթացքը ընկալուի հասարակութեան լայն շերտերուն կողմէ եւ ստանայ անոր աջակցութիւնը՝՝։ Այս մասին յայտարարած է Եւրոպական Խորհուրդի Նախագահ Հերման վան Ռոմբէյ՝ այսօր «Հայաստանը Եւրոպայի մէջ» համաժողովին ընթացքին:
Եւրոպական Խորհուրդի նախագահը նաեւ նշեց, որ մեծ ակնկալիքներ ունի համաժողովէն, որ հնարաւորութիւն պիտի տայ մէկ անգամ եւս ներգրաւելու քաղաքացիական հասարակութեան ուշադրութիւնը եւ մասնակցութիւնը Եւրոպայի հետ նոր յարաբերութիւններու կերտման գործին մէջ: Համաժողովը կազմակերպած էր «Արեւելեան գործընկերութեան» Քաղաքացիական հասարակութեան ֆորումի Հայաստանի ազգային փլաթֆորմը եւ Եւրոպական հետազօտութիւններու կեդրոնը ՀՀ կառավարութեան ընդունելութիւններու տան մէջ:

Հերման Վան Ռոմբէյ մեծ կարեւորութիւն տուած է բարեփոխումներու գործընթացներուն մէջ ազգային փոքրամասնութիւններու աշխոյժ ներգրաւուածութեան: Խօսելով ԼՂՀ խնդրի կարգաւորման շուրջ` Վան Ռոմբէյ նշած, որ քաղաքացիական հասարակութիւնը պէտք է նպաստէ նաեւ Ղարաբաղեան հիմնախնդրի խաղաղ կարգաւորման:
Մենք կ’աջակցինք ԵԱՀԿ Մինսկի խումբին եւ կ’առաջարկենք մեր աջակցութիւնը բարձր ներկայացուցիչի միջոցով, որ կոչուած է դիւրացնելու իրավիճակը»,- ըսած է ան եւ աւելցուցած , որ Եւրոպական Խորհուրդը պատրաստ է օժանդակելու ՝ տարածաշրջանին մէջ կայունութիւնը ամրապնդելու համար:








All the contents on this site are copyrighted ©.