2012-07-03 12:07:06

Սրբազան Քահանայապետը Կը Փոխադրուի Գասթել Կանտոլֆոյի Քահանայապետական Ամարանոցը։


Երեքշաբթի 3 յունիս 2012-ի յետ միջօրէի ժամը 17.30-ին Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը ուղղաթիռով կը մեկնի Գասթել Կանտոլֆոյի Քահանայապետական ամարանոց, Ալպանօ լիճին մօտ, ամառնային հանգստեան շրջան մը անցնելու։
Յուլիս ամսուայ ամառնային այս արձակուրդին ընթացքին արկախուած կը մնան Սրբազան Հօր բոլոր ունկնդրութիւնները, ի մէջ այլոց նաեւ չորեքշաբթի օրերու ընդհանուր ունկնդրութիւնը որ կը վերսկսի օգոստոս 1-ին. Մինչ Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան կիրակնօրեայ աղօթքը կը շարունակուի կատարուիլ Գասթել Կանտոլֆոյի Քահանայապետական ամարանոցէն։
Նշենք որ Քահանայապետական ամառնային Պալատը, կը գտնուի Հռոմէն 25 քլմթ. հերաւորութեան վրայ, Գասթել Կանտոլֆօ կոչուած գիւղաքաղաքը։ Քահանայապետական ամարանոցը ունի 55 հեկտար տարածութիւն, որուն մեծ մասը նուիրուած է հողագործութեան ու բուծումի։
Յայտնենք նաեւ որ Սրբազան Քահանայապետը յառաջիկայ 14 -16 սեպտեմբեր Առաքելական ճամբորդութիւն պիտի կատարէ Լիբանան, Միջին Արեւելքի եկեղեցիներուն յանձնելու` յետ սիւնհոդոսական Առաքելական Յորդորագիրը, մինչ 4 հոկտեմբերին հովուական այցելութիւն պիտի կատարէ Իտալիոյ Լորէթոյի Սրբավայրը։








All the contents on this site are copyrighted ©.