2012-07-03 16:25:48

Էջ Մը Հայոց Պատմութենէն
ԱՐԱԲԱԿԱՆ ԳԵՐԻՇԽԱՆՈՒԹԻՒՆ (703-826)
ՄՈՒՇԵՂ ՄԱՄԻԿՈՆԵԱՆԻ ԱՊՍՏԱՄԲՈՒԹԻՒՆԸ


Սահակ Կաթողիկոս Ձորափորեցի (677-703)
Սահակ կաթողիկոս եղած է մեր շարականագիր կաթողիկոսներէն մին, յօրինելով խաչի եւ եկեղեցւոյ կարգ մը շարականներ։ Սակայն ան նշանաւոր է իր պատուի-րակութեամբ զոր կատարեց Դամասկոսի Ապտ-ըլ-Մէլիք խալիֆայի մօտ, խնդրելու համար որ չ՛արշաւէ Հայաստանի վրայ, որով Վարդանակերտի ապստամբութենէն ետք` Արաբները կատղած էին եւ արդէն արաբ զօրավար մը իր գունդերով կը յառաջանար Հայաստանը քար ու քանդ ընելու։ Հայ իշխանները հաւաքուեցան կաթողիկոսին շուրջ եւ խնդրեցին իր միջամտութիւնը. Արաբերէն լեզուով նամակ մը գրուեցաւ եւ կաթողիկոսը զայն առնելով մեկնեցաւ դէպի Դամասկոս։ Ճամբան` Հառանի մէջ սակայն ան մահացաւ. Երբ արաբ զօրավարը հոն հասաւ եւ տեսաւ վախճանած հայրապետը, ու ձեռքին մէջ` աղերսագիրը, կադաց զայն, յուզուեցաւ եւ հրաժարեցաւ արշաւանքի ծրագրէն, պաշտօնապէս խոստանալով կատարել հայրապետին խնդրանքը։
Յովհան Օձնեցի Կաթողիկոս (717-728)
Ուրիշ կաթողիկոս մըն ալ նշանաւոր դարձաւ իր խաղաղասիրութեամբ եւ իր հանճարով. Յովհաննէս Օձնեցի, որ կոչուած է նաեւ Իմաստասէր, իր փիլիսոփայական գրութիւններուն համար։ Ան է որ կազմեց Հայ Եկեղեցւոյ առաջին Կանոնագիրքը. Իր միջամտութեամբ Օմար խալիֆայի մօտ` ան յաջողեցաւ կարգ մը իրաւունքներ պահել Հայերու վերաբերեալ եւ մանաւանդ ետ դարձնել գերի տարուած Հայերը։ Ան Դամասկոսի մէջ մեծ յարգանք կը վայելէր Արաբներու կողմանէ։
Աբբասեաններու գալուստը – Մուշեղ Մամիկոնեանի ապստամբութիւնը (771)
750 թուին` Աբբասեանները գրաւեցին խալիֆայական գահը եւ Դամասկոսէն Պաղտատ փոխադրեցին արաբական իշխանութեան մայրաքաղաքը։ Պաղտատը ծաղկեցնելու համար մեծ գումարներու պէտքը կար, ասոր համար տուրքերը աւելցան եւ ժողովուրդին վիճակը երթալով անտանելի դարձաւ։ 771-ին Մուշեղ Մամիկոնեան գլուխն անցաւ իր գունդին որ հազիւ 200 հոգիէ կը բաղկանար, որովհետեւ Բագրատունիները մերժեցին միանալ իրեն։ Մուշեղ յաջողեցաւ 200 զինուորներով յաղթանակ տանիլ եւ ջախջախել Դուինի արաբական 4.000 հոգինոց գունդը։ Արաբները 30.000 հոգինոց բանակ մը ղրկեցին Մուշեղի վրայ. Այս անգամ իրեն միացան Արծրունիները եւ Բագրատունիները. Հայկական բանակը հասաւ 5.000 հոգիի, սակայն մեծամասնու-թեամբ գիւղացիներ էին եւ անվարժ պատերազմի. Հայերը Բագրեւանդի այս պատերազմին` 3.000 զոհ տուին, որոնց մէջ նաեւ Մուշեղը եւ Սմբատ Բագրատունին։ Այս պատերազմէն ետք` Արաբները տէր դարձան ամբողջ Հայաստանին։
Աշոտ Մսակեր` կառավարիչ Հայաստանի (806-826)
Երբ Պաղտատի խալիֆայ եղաւ Հարուն ըլ-Ռաշիտ, ան աւելի մեղմ վարուեցաւ Հայերու նկատմամբ։ Աշոտ Բագրատունի, որ կոչուած է Մսակեր, որովհետեւ, օգտուելով արաբներու միջեւ տեղի ունեցած անհամաձայնութիւններէն, յարձակումներ ըրաւ բոլոր այն արաբներուն վրայ որոնք հակառակ էին Աբբասեաններուն։ Իր հաւատարմութեան համար` Հարուն ըլ-Ռաշիտ զինք կարգեց կառավարիչ Հայաստանի (806)։ Աշոտ որդին էր Բագրեւանդի մէջ մեռած Սմբատ Բագրատունիի։ Ան գրաւեց Շիրակի նահանգը եւ նոյնիսկ Տարօնէն մաս մը, որով այլեւս Մամիկոնեանները քաշուած էին բոլորովին հայկական շրջաններէն, ապաստանելով Բիւզանդիա։ Իշխեց մինչեւ իր մահը (826)։








All the contents on this site are copyrighted ©.