2012-07-03 16:26:09

Եւրոպական Խորհուրդի Նախագահ Հերման Վան Ռոմբոյ-ի Հայաստան Այցելութիւնը։


Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Հերման Վան Ռոմբոյը Յուլիս 3-5 պաշտօնական այցով կը գտնուի Հարաւկովկասեան տարածաշրջան:
Այցը կը սկսի Հայաստանէն Յուլիս 3-4 եւ պիտի շարունակուի Վրաստանի ու Ատրպէյճանի մէջ։ Այս մասին կը տեղեկանանք Հայաստանի մէջ Եւրոպական պատուիրակութեան պաշտօնական կայքէն:
Հերման Վան Ռոմբոյ հանդիպումներ կ՝ունենայ ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ Ազգային ժողովի նախագահ Յովիկ Աբրահամեանի հետ, ԱԺ մէկ դահլիճին մէջ ողջոյնի խօսք պիտի ուղղէ Ազգային Ժողովի պատգամաւորներուն:
ԱԺ նիստերու դահլիճին մէջ` պատգամաւորական հատուածին համար նախատեսուած ելոյթէն ետք՝ իւրաքանչիւր խմբակցութեան հնարաւորութիւն պիտի տրուի ԵՄ նախագահին ուղղելու մէկական հարցում :
Նախագահ Ռոմբոյը նաեւ բացման խօսքով հանդէս պիտի գայ «Հայաստանը Եւրոպայի մէջ» քաղաքացիական հասարակութեան ֆորումին :

Այցին ընթացքին նախատեսուած է նաեւ այցելութիւն Ազգային պատկերասրահէն ներս ներկայիս ընթացող «Երեւանը` Գրքի Հհամաշխարհային Մայրաքաղաք» եւ «Հայկական Տպագիր Գրքի 500-ամեակ» ՈՒՆԵՍՔՕ-ի ցուցահանդէսներուն: Այնուհետեւ ան կարճատեւ այց պիտի կատարէ Զուարթնոցի Տաճար:
Հանդիպումներուն ընթացքին Վան Ռոմբոյ զրուցակիցներուն հետ պիտի քննարկէ ՝՝Հայաստան-ԵՄ՝՝ յարաբերութիւններուն, քաղաքական ներքին իրավիճակին,եւ տարածաշրջանին հայող , ինչպէս նաեւ երկուստէք հետաքրքրող այլ հարցեր:

Վան Ռոմբոյ եւ Սերժ Սարգսեան պիտի իրականացնեն Համատեղ Մամուլի Ասուլիս:
Նշենք, որ Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Ն.Գ. Հերման Վան Ռոմբոյը նախագահ Սերժ Սարգսեանի հիւրն է:








All the contents on this site are copyrighted ©.