2012-07-02 13:12:43

Քահանայապետական Անուանումներ


Եպիսկոպոսներու 13րդ Սիւնհոդոսական Նիստի Նախագահներու նշանակում։

Ի տես յառաջիկայ հոկտեմբեր 7 - 28 կայանալիք <<Նոր աւետարանութիւնը` հաւատքի փոխանցումին ի սպաս>> նիւթով եպիսկոպոսական 13րդ սիւնհոդոսին, Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը` անցեալ 30 յունիսին անուանած է սիւնհոդոսի երեք նախագահները յանձինս` Հոնգ Գոնկի եպիսկոպոս Կարտինալ Ճոն Թոնկ Հոն-ի, Մէքսիքօյի Կուատալայարայի Արքեպիսկոպոս Կարտինալ ֆրանսիսքօ Րոպլէս Օրթէկայի եւ Գինշասայի Արքեպիսկոպոս` Կարտինալ Լորան Մոնսէնկուօ Բազինիայի։
Նշենք որ 2011-ի հոկտեմբեր 23ին Սրբազան Քահանայապետը Ուաշէնկթընի Արքեպիկոպոսը Կարտինալ Տոնալտ Ուիլլիամ Վուէրլը անուանած էր սիւնհոդոսի ընդհանուր զրուցող մինչ ֆրանսայի Մոնփէլիէ թեմի արքեպիսկոպոսը` գերապայծառ Բիէր Մարի Գարրէն անունած էր սիւնհոդոսի յատուկ քարտուղար ։


Հաւատոյ Ժողովի եւ Միջկրօնական Երկխօսութեան Խորհուրդի Նոր Պատասխանատուներ

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը ընդունելով Հաւատոյ Ժողովի Նախագահ` Կարտինալ Ուիլլիամ Լէվատայի ներկայացուցած հրաժարականը անոր տեղ նշանակեց` գերմանիոյ Րէկէնզպուրկի եպիսկոպոսը, գերապայծառ Կէրարտ Լուտուիկ Միւլլէրը, անոր պարգեւելով նաեւ Արքեպիսկոպոսի տիտղոս։

Հուսկ Միջկրօնական Երկխօսութեան Քահանայապետական Խորհուրդի քարտուղարի պաշտօնը յանձնեց հայր Անկէլ Միկէլ Աիուզօ Կիքոյի որ կը յաջորդէ գերապայծառ Բիէր Լուճի Զէլաթայի։Նշենք որ հայր Անկէլ Միկէլ Աիուզօ Կիքոն 2010-ի Հոկտեմբերին որպէս մասնագէտ մասնակցած էր Միջին Արեւելքի ի նպաստ` Վատիկանի մէջ գումարուած, արեւելքի եպիսկոպոսներու Սիւնհոդոսին։








All the contents on this site are copyrighted ©.