2012-07-02 14:03:10

Ճաշկերոյթ Ի Պատիւ Տէր Յովսէփ Սրկ. Ժամկոչեանին Զմմառու Վանքին Մէջ ։


Շաբաթ 30 յունիսին, Զմմառու Վանքին մէջ տեղի ունեցաւ ճաշկերոյթ մը ի պատիւ Տէր Յովսէփ սարկաւագ Ժամկոչեանին, իր երկար տարիներու ծառայութեան համար Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ մէջ: Սիրոյ սեղանին ներկայ էին Արհի. Հ. Յովհաննէս Եպս. Թէյրուզեան, Միաբանութեան Ընդհանուր Փոխանորդ՝ Հ. Գաբրիէլ Թ.Ծ.Վ. Մուրատեան, Վարչական Հայրեր, Լիբանանաբնակ Միաբան Վարդապետներ և անշուշտ պատուոյ հիւրերը՝ Տէր Յովսէփ Սրկ. Ժամկոչեանը և իր ընտանեկան պարագաները: Ընտանեկան ջերմ մթնոլորտի մէջ, ներկաները իրենց մաղթանքները յայտնեցին մեծարեալին բաժակ բարձրացնելով նաեւ անոր կենացը ։








All the contents on this site are copyrighted ©.