«Յանուն աւելի լաւ Եւրոպայի» կարգախօսով` Կիպրոսը Կիրակի օր ստանձնեց ԵՄ Խորհուրդի
Նախագահութիւնը։
Ասիկա պատմական իրադարձութիւն մըն է այս երկրի համար, որ
կառոյցին անդամ դարձաւ 2004-ին եւ եւրոգօտի մտաւ 2008-ին: Առաջին անգամն է, որ Եւրոմիութիւնը
պիտի ղեկավարէ այդքան փոքր պետութիւն մը ` 800 հազարէն քիչ բնակչութեամբ եւ 17,2 միլիառ
ՀՆԱ-ով: Կիպրոսը ԵՄ Նախագահութիւնը ստանձնեց Դանիայէն: Կիպրոսի համար նախագահութիւնը
խնդրահարոյց պիտի ըլլայ նաեւ այն առումով, որ ԵՄ-ը կ’ապրի տնտեսական ճգնաժամ: Միւս
գլխաւոր խնդիրը Կիպրոսի հիմնահարցի անորոշութիւնն է, արդարեւ երկրի 37 տոկոսը գրաւուած
է Թուրքիոյ կողմէ, եւ ԵՄ արձանագրութեամբ Եւրոմիութեան իրաւական համակարգի ազդեցութիւնը
չի տարածուիր այն շրջաններուն վրայ, որոնք չեն գտնուիր Կիպրոսի Հանրապետութեան վերահսկողութեան
տակ: Անգարա չի ճանչնար Կիպրոսի Հանրապետութիւնը եւ խիստ քննադատատութեամբ հանդէս
եկած է այդ երկրի` ԵՄ Նախագահութիւնը ստանձնելուն առիթով: