2012-06-30 14:36:31

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին Մարեմեան Հրեշտակ Տեառն Աղօթքը ՜՜Ս. Պետրոս Եւ Պօղոս Առաքելապետերու՝՝ Տօնին Առթիւ։


Ուրբաթ 29 Յունիսին կէսօրին՝ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը Ս. Պետրոս եւ Պօղոս առաքելապետերու տօնին առթիւ, հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքը արտասանեց եւ որուն ընթացքին հետեւեալ խորհրդածութիւնը կատարեց. ՜՜Ս. Պետրոս եւ Պօղոս առաքելապետերու տօնակատարութեամբ Աստուծոյ ժողովուրդը կը ոգեկոչէ քրիստոնէութեան երկհազարամեայ պատմութիւնը։ Անոնք կոչուած են ծնող եկեղեցւոյ սիւները։ Հաւատքի ճշմարիտ վկաներ, որոնք իրենց Վարդապետին օրինակին հետեւելով տարածեցին Աստուծոյ Արքայութիւնը ու արեան գնով կնքեցին աւետարանական քարոզութիւնը։
Անոնց նահատակութիւնը եղաւ նշան եկեղեցւոյ միութեան, կը գրէ ս. Օգոստինոսը։
Մէկ օր յատկացուած է երկու առաքելապետերուն. անոնք եղան մէկ բան, թէեւ անոնք տարբեր օրերու մէջ նահատակուեցան, սակայն մէկ բան էին։ Պետրոս առաքեալը կանխեց եւ Պօղոս հետեւեցաւ անոր, ըսաւ Նորին սրբութիւնը եւ աւելցուց . ՜՜փրկութեան այս ճանապարհով` քրիստոնեայ հասարակութիւնը կ'ընթանայ անդորրութեամբ, ներկայութեամբ ու զօրութեամբ ս. Հոգւոյն, քարոզելու Քրիստոսի Աւետարանը ամէն ժամանակի մարդոց՝՝։
Ս Պատարագի ընթացքին, ըսաւ Պենետիկտոս ԺԶ, եպիսկոպոսապետերու ու մետրապոլիտներու յանձնեցի պալիումը, անիկա կը խորհրդանշէ հովիւներու սերտ միութիւնը Ս. Պետրոսի յաջորդին հետ։ Ասիկա սրբութեան ու միութեան երկեակ գանձ մըն է որ պէտք է ապրիլ վերանորոգ խանդով ։
Հուսկ Նորին Սրբութիւնը իր խորհրդածութիւնը եզրափակեց խնդրելով երկու առաքելապետերու բարեխօսութիւնը, որպէսզի եկեղեցին շարունակէ իր լոյսը սփռել աշխարհին։
Սրբազան Հայրը ողջունեց Կ.Պոլսոյ պատուիրակութիւնը եւ ըսաւ. ՜՜սիրալիր ողջոյնս Կ.Պոլսոյ պատուիրակութեան, որ մեր մէջ կը գտնուի, ինչպէս ամէն տարի, մեզի հետ մասնակցելու՝ Ս. Պետրոս եւ Պօղոս առաքելապետերու տօնախմբութեան։ Թող Ամենասուրբ Կոյս Մարիմաը առաջնորդէ բոլոր հաւատացեալները դէպի եկեղեցիներու կատարեալ միութիւնը՝՝։








All the contents on this site are copyrighted ©.