Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը Ուխտագնացութիւն Կը Կատարէ Լորեթոյի Մարեմեան Սրբավայրը։
''Լորեթօ'' թեմի առաջնորդը` գերապայծառ Թոնուչի Մարեմեան սրբավայրին մէջ գլխաւորած երեկոյեան
ժամասացութեան ընթացքին հաւատացեալներուն յայտնեց որ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը ընդառաջելով
իր հրաւէրին յառաջիկայ 4 հոկտեմբերին ուխտագնացութիւն կը կատարէ Լորեթոյի Տիրամօր որպէսզի
իր հովանաւորութեան ներքեւ դնէ եպիսկոպոսական սիւնոդոսի աշխատանքները, ինչպէս նաեւ հաւատքի
տարին։ Այս ուխտագնացութիւնը կը կատարուի ի յիշատակ երանելի Յովհանէս 23-րդ Քահանայապետի
Ասիզի եւ Լորեթօ կատարած այցելութեան, Վատիկանեան Բ. տիեզերական ժողովի նախօրեակին։