2012-06-30 14:41:06

Լոյս Տեսած Աղօթագիրք Մը Ուղեւորին Համար։


Վերջերս Հռոմի մէջ տեղի ունեցաւ քաղաքային օդանաւորութեան Մատրանապետերու 15-րդ Խորհրդաժողովը, հովանաւորութեամբը՝ Գաղթականութեան Հովուութեան Քահանայապետական Խորհուրդին, որու ընթացքին մասնակցողները բանաձեւեցին շարք մը դրական առաջարկներ, ՜՜Ուղեւորին նոր Աւետարանութեան՝՝ հայող ։ Ժողովականները խնդրեցին որ Ուղեւորին համար Աղօթագիրք մը հրատարակուի, եւ թեմերու առաջնորդներէն խնդրեցին որպէսզի Մատրանապետ մը նշանակէ օդակայանի համար, յանձնարարելով որ ան (մատրանապետը ) ՜՜եկեղեցական՝՝ սքեմով շրջի օդակայանին մէջ, որպէսզի ճամբորդները զինք նշմարեն ու այսպէս կերպով մը զգալի դառնայ Եկեղեցւոյ ներկայութիւնը նաեւ Օդակայանի մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.