2012-06-30 14:39:19

Եգիպտահայ Առաջնորդներու Հանդիպումը Նորընտիր Նախագահ՝ Մոհամետ Մուրսիի Հետ։


Եգիպտահայ առաքելական եւ կաթողիկէ համայնքներու առաջնորդներ՝ Աշոտ եպս. Մնացականեան եւ Գրիգոր Օգոստինոս եպս. Գուսան, Եգիպտոսի միւս քրիստոնեայ համայնքներու առաջնորդներուն հետ միասին, պաշտօնական հանդիպում ունեցած են Եգիպտոսի նորընտիր նախագահ՝ փրոֆ. Մոհամետ Մուրսիի հետ, չորեքշաբթի, 27 յունիսի կէսօրէ առաջ : Հանդիպումը տեղի ունեցած է Հելիոպոլսոյ նախագահական պալատին մէջ:
«Շնորհաւորանքներէն ետք, բոլորին անունով շնորհակալութիւն յայտնուեցաւ նախագահին իր ընդունելութեան համար», կ՛ըսէ Մնացականեան սրբազանը, որ կը նկարագրէ, թէ «հանդիպումը բաւական ջերմ մթնոլորտի մէջ անցաւ եւ տպաւորութիւնները միայն դրական են»:
Նախագահ Մուրսի, իր կարգին, շնորհակալութիւն յայտնեց հոգեւոր առաջնորդներուն` շնորհաւորանքներուն եւ բարեմաղթանքներուն համար: «Նախագահը յստակ նշեց, որ նմանատիպ հանդիպումներ շարունակական պիտի ըլլան նաեւ ապագային, եւ որ ինք պիտի շարունակէ ջերմ յարաբերութիւններ պահել քրիստոնեայ բոլոր համայնքներուն հետ»:
Նորընտիր նախագահը նշած է, որ «բոլորս իբրեւ մէկ բռունցք պիտի աշխատինք միասնաբար յանուն Եգիպտոսի բարօրութեան»` շեշտելով, որ ինք «պատրաստ է լսելու քրիստոնեայ համայնքներու խնդիրներն ու առաջարկները եւ ընդառաջելու անոնց հարցերուն»:
Յիշատակելի է, որ Իսլամ եղբայրներ շարժումի թեկնածու՝ Մոհամետ Մուրսի Եգիպտոսի նախագահ յայտարարուած էր 24 յունիսին. ան հաւաքած էր 51.7 առ հարիւր` խիստ մրցակցութիւն ունենալով Հիւսնի Մուպարաքի իշխանութեան վերջին վարչապետ Ահմետ Շաֆիքի դէմ, որ իր կարգին հաւաքած էր 48.2 առ հարիւր: Նախագահական ընտրութիւններու երկրորդ փուլը տեղի ունեցած էր 16-17 յունիսին: Եգիպտոսի նոր նախագահը՝ 60-ամեայ Մոհամմէտ Մուրսի մասնագիտութեամբ ճարտարապետ է:








All the contents on this site are copyrighted ©.