2012-06-30 14:42:23

ԱՄՆ-ի Կաթողիկէ Եկեղեցին Հինգ Միլիոն Տոլար Կը Տրամադրէ Որպէս Օգնութիւն Լատին Ամերիկայի Ու Հայիթիի Եպիսկոպոսներուն։


ԱՄՆի Եպիսկոպոսաց Դասը 5 միլիոն տոլար տրամադրած է Լատին Ամերիկայի Եկեղեցւոյ որպէս օգնութիւն։ Այդ գումարով պիտի ֆինանսաւորուին 121 հովուական ծրագիրներ։ 3,3 միլիոն տոլար պիտի յատկացուի Հայիթիի Եկեղեցւոյ կառոյցներու վերաշինութեան։ Նոյնպէս ԱՄՆի կաթողիկէ եպիսկոպոսներու դասը կ'ուզէ օգնութեան հասնիլ դպրեվանքերուն, լաւագոյնս պատրաստելու համար ապագայ քահանաները։ Այս նպատակին համար տրամադրուած է 650 հազար տոլար։








All the contents on this site are copyrighted ©.