Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին Գործունէութիւնը: Ս. Պետրոս Եւ Պօղոս Առաքելապետերու
Տօնը։
Ուրբաթ 29 յունիսին, Ս. Պետրոս եւ Պօղոս առաքելապետերու տօնին՝ Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան
Քահանայապետը 46 մեծ թեմերու եպիսկոպոսապետերուն ՜՜պալիում՝՝ շնորհեց Ս. Պետրոս Տաճարին
մէջ։
29 յունիսի առաւօտեան ժամը 9-ին, Ս. Պետրոս եւ Պօղոս առաքելապետերու տօնին
օրը, Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը, Վատիկանի Սուրբ Պետրոս Տաճարին մէջ գլխաւորեց
Սուրբ պատարագի արարողութիւնը որուն ընթացքին տեղի ունեցաւ նաեւ նորընտիր Մետրոպոլիտներուն
Պալիումի յանձնումը։ Պալիումը` կը խորհրդանշէ եկեղեցական հաղորդութիւնն ու միութիւնը
։ Սուրբ Զոհին իրենց մասնակցութիւնը բերին կարտինալական դասի անդամներ, եպիսկոպոսներ,
կղերական դասը եւ բազմաթիւ հաւատացեալներ։ Սուրբ Պետրոս Տաճարին մէջ տեղի ունեցած արարողութեան
ներկայ էին նաեւ Կ.Պոլսոյ Պատրիարքութենէն պատուիրակութիւն մը ինչպէս նաեւ, Սրբազան Քահանայապետի
հրաւէրով, Անկլիքան եկեղեցւոյ Ուեսթմինսդերի աբբայարանի ներկայացուցիչները։ Նշենք
նաեւ որ Սուրբ արարողութեան երգեցողութիւնը կատարեցին` Սիքստինեան Մատուռի երգչախումբի
հետ միասին Մեծն Պրիտանիայէն ժամանած Ուէսթմինսդերի Աբբայարանի երգչախումբի անդամները։
Այս առաջին անգամն է որ, միշտ Սրբազան Քահանայապետի հրաւէրով, Անկլիքան եկեղեցւոյ Ուէսթմինսդերի
Աբբայարանի երգչախումբը իր մասնակցութիւնը կը բերէ Սուրբ Պետրոսի տաճարին մէջ մատուցուած
այս սուրբ արարողութեան։ Նշենք որ երգչախումբը, իր Հռոմ կեցութեան ընթացքին, զանազան
վայրերու մէջ ելոյթներ պիտի ունենայ։
Պալիումը կամ Եմիփերոնը,
Պալիումը
կամ եմիփերոնը, երկու մեթր երկայնք ու 25 սմ. լայնք ունեցող ուրար մըն է զոր Հայրապետը
կը կրէ շուրջառին վրայ, զայն փաթթելով մարմնին շուրջ եւ ուսէ ուս։ Պալիումը խաչի հինգ
զարդարանք ունի, որոնք կը յիշեցնեն Յիսուսի չարչարանքները։ Անոր գործածութիւնը սկսած
է 5-րդ դարուն եւ կը խորհրդանշէ կորսուած ոչխարը, որ հայրապետը իր ուսերուն վրայ կը դնէ։
Պալիումը կը կապուի երեք մետաղէ գնդասեղներով։