2012-06-29 13:00:20

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը Նորնտիր Մետրոպոլիտներուն Շնորհեց Եկեղեցական Հաղորդութիւնն ու Միութիւնը Խորհրդանշող ՜՜Պալիում՝՝ ը։


Ս. Պետրոս եւ Պօղոս առաքելապետերու տօնին առթիւ` Վատիկանի Սուրբ Պետրոս Տաճարին մէջ գլխաւորած Սուրբ պատարագի արարողութեան ընթացքին Նորին Սրբութիւնը, աւանդութեան համաձայն, 46 նոր Մետրոպոլիտներուն շնորհեց Եկեղեցական Հաղորդութիւնն ու Միութիւնը Խորհրդանշող ՜՜Պալիում՝՝ ը։

Սուրբ Զոհի ընթացքին իր արտասանած քարոզին մէջ` Սրբազան Հայրը նախ ողջունեց Պալիումը ստացող Արքեպիսկոպոսները ու ապա համամիութեան հոգիով յատուկէն ողջունեց նաեւ արարողութեան իրենց մասնակցութիւնը բերող` Կ.Պոլսոյ Պատրիարքութեան պատգամաւորները, Անկլիքան եկեղեցւոյ Ուեսթմինսդերի աբբայարանի ներկայացուցիչները ինչպէս նաեւ <<Ուէսթմինսդերի Աբբայարանի երգչախումբը>> ու ներկայ քաղաքական եւ դիւանագիտական անձնաւորութիւնները։

Նորին Սրութիւնը հուսկ անդրադարձաւ Ս. Պետրոս եւ Պօղոս առաքելապաետերու տօնին, զանոնք ներկայացնելով որպէս հաւատքի մէջ եղբայրներ ու բաղդատութիւն ընելով Աստուածաշունջի առաջին եղբայրներուն հետ <<Կայէնն ու Աբէլը>> ։ Պետրոս եւ Պօղոս - ըսաւ Նորին Սրբութիւնը - թէեւ մարդկայնօրէն իրարմէ տարբեր էին եւ հակառակ իրենց միջեւ ծագած բախումներուն եղբայրութեան նոր ձեւ մը մշակեցին, ապրուած` աւետարանի համաձայն։Միայն Յիսուսի նմանութիւնը մեզ կ՛առաջնորդէ նոր եղբայրութեան, եւ ահա այս է հիմնական պատգամը այսօրուայ տօնին. հաղորդութեան լիութեան փնտռտուքը։

Խօսքը շարունակելով Սրբազան Քահանայապետը մեկնաբանեց օրուան Սուրբ Գրային ընթերցումը ուր կը խօսուի Պետրոսի առաջնութեան մասին <<Դուն ես վեմ եւ ես այդ վեմին վրայ պիտի կառուցանեմ իմ եկեղեցիս եւ դժողքի դռները պիտի չյաղթահարեն անոր>>։
Սրբազան Հայրը ակնարկեց Սուրբ Պետրոսի մարդկային տկարութեան երբ <<Յիսուս կը սկսի յայտնել իր աշակերտներուն թէ ինք երուսաղէմ պէտք էր երթար, չարչարուէր ծերերէն, քահանայապետներէն ու դպիրներէն, սպաննուէր ու երրորդ օրը յարութիւնը առնել>>։ Պետրոս զինք մեկուսի տարաւ եւ սկսաւ յանդիմանել զինք։ Յիսուս Պետրոսին կ՛ըսէ <<Հեռացիր, սատանայ, որովհետեւ գայթակղութիւն մըն ես ինծի։ Քու ըմբռնումներդ աստուածային չեն, այլ` մարդկային>>։ Այս հատուածին մէջ կը բացայայտուի ճնշումը որ կայ ընդմէջ Աստուածային պարգեւին եւ մարդկային կարողութիւններուն։ Հատուածին մէջ տեսանելի է նաեւ Քահանայապետական պատմութեան պատահարը, յատկանշուած այս երկու իրողութիւններով. մէկ կողմէն վերէն բխող լոյսի եւ զօրութեան միջոցաւ, Քահանայապետութիւնը կը ներկայացնէ, ուխատւոր եկեղեցւոյ հիմը, իսկ միւս կողմէն, դարերու ընթացքին, կը յայտնուի մարդկային տկարութիւնը որ միային Աստուծոյ ներգործութիւնը կռնայ փոխակերպել։ Այսօրուայ աւետարանին մէջ յստակօրէն կը յայտնուի նաեւ Յիսուսի խոստումը << դժոխքի դռները պիտի չյաղթահարեն անոր>>։

Նորին Սրբութիւնը հուսկ խօսեցաւ Յիսուսի կողմէ աշակերտներուն յանձնուած առաքելութեան մասին. <<ինչ որ կապէք երկրի վրայ, կապուած պիտի ըլլայ երկնքի մէջ եւ ինչ որ քակէք երկրի վրայ, քակուած պիտի ըլլայ երկնքի մէջ։>> Ու ապա քարոզը եզրափակեց նոր Մետրոպոլիտներուն յանձնարարելով թէ <<Պալիումը զոր այսօր ստացաք ձեզ կը յիշեցնէ թէ դուք հաստատուած էք այն մեծ հաղորդութեան խորհուրդին մէջ ու անոր համար, որ է եկեղեցին, հոգեւոր կառոյցը կառուցուած Քրիստոսի վրայ։ Այս հաւաստիքի վրայ հիմնուած` ըլլանք ճշմարտութեան գործիչներ ու մեր այս առաքելութեան մէջ մեզի ապաւէն ըլլայ ու մեզ առաջնորդէ Աստուածամայրը։ Առաքեալներու Թագուհի աղօթեայ վասն մեր։ Ամէն








All the contents on this site are copyrighted ©.