2012-06-29 10:12:08

Հաւաքական Մկրտութիւն՝ Հոլիվուտի Սուրբ Յովհաննու Կարապետ Հայց. Եկեղեցւոյ Մէջ։


Հոլիվուտի Սուրբ Յովհաննու Կարապետ Հայոց եկեղեցին, հայութեան հոգեւոր եւ ազգապահպանութեան կաճառներէն մին է, Կիրակի, Յունիս 17ին, Հայրերու տօնին առիթով, թեմի առաջնորդը՝ Յովնան արք. Տէրտէրեան, Սուրբ Յովհաննու Կարապետ Հայց. եկեղեցւոյ պաշտօնէութենէն Մանուկ Ա. քհնյ. Մարգարեանի հետ, նախաձեռնած էր 25էն աւելի տարիք ունեցող մարդոց հաւաքական մկրտութեան: Օրուան պատարագիչն էր սրբազանը, որուն հանդիսապետութեամբ, հնաւանդ սովորութեան համաձայն՝ ,Հայր Մերեէն առաջ տեղի ունեցաւ Մկրտութեան եւ Դրոշմի կարգը այն մարդոց, որոնք նախապէս արձանագրուած էին մկրտուելու համար: Արարողութեան աւարտին, սրբազանըը շնորհաւորեց նորադարձ քրիստոնեաները Մկրտութեան կապակցութեամբ՝ նշելով, որ ասիկա միայն սկիզբն է Սուրբ Յովհաննու Կարապետ եկեղեցւոյ մէջ նախատեսուող նմանատիպ հոգեշէն ձեռնարկներու: Այնուհետեւ, ան Հայրերու օրուան կապակցութեամբ իր ջերմագին մաղթանքները յղեց բոլոր հայրերուն՝ եկեղեցւոյ հոգեւոր հօր Մանուկ Ա. քհնյ. Մարգարեանի գլխաւորութեամբ: Սրբազանը, առ ի գնահատութիւն տէր հօր ունեցած եկեղեցաշէն եւ ազգային գործունէութեան, իրեն նուիրեց գեղեցիկ ՜՜Ձեռաց Խաչ՝՝ մը: Սուրբ պատարագին եւ հաւաքական Մկրտութեան ներկայ էր Լոս Անճելըսի մէջ պաշտօնավարող Հ Հ գլխաւոր հիւպատոս եւ Սուրբ Յովհաննու Կարապետ եկեղեցւոյ մշտական բարեկամ Գրիգոր Յովհաննիսեան: Պատարագի աւարտին տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան մասնաւոր պաշտօն՝ մեզմէ մարմնապէս բաժնուած մեր հայրերու եւ համայն ննջեցեալներու հոգիներուն համար:








All the contents on this site are copyrighted ©.