2012-06-29 07:16:37

Կոմիտասի Նուիրուած Երաժշտախառն Թատերգութիւն


ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Լիլի Թոմասեանի հեղինակութեամբ եւ Փաւել Չառնիի բեմադրութեամբ, Յուլիս 13էն Օգոստոս 19ի միջեւ բեմ պիտի բարձրանայ Կոմիտասի նուիրուած երաժշտախառն նոր թատերգութիւն մը, Լոս Անճըլըսի «Սըրքըլ Էք.» սրահին մէջ։ (3269 Casitas Ave., Los Angeles, CA 90039): Ներկայացումները տեղի պիտի ունենան Հինգշաբթի, Ուրբաթ եւ Շաբաթ օրերը, երեկոյեան ժամը 8էն սկսեալ, իսկ Կիրակի օրերը՝ ժամը 6ին:
Երաժշտութեան պատասխանատուն է Արա Տապանճեան, իսկ պարերու համադրողը՝ Աննա Ճամպազեան:








All the contents on this site are copyrighted ©.