2012-06-29 07:16:52

Այսօր Հինգշաբթի 28 Յունիսին Հայ Եկեղեցին Կը Յիշատակէ Սբ. Թարգմանիչ Վարդապետներու Տօնը։


Սբ Թարգմանիչ Վարդապետներու տօնը հայ ժողովուրդի ամենանուիրական և սիրուած ազգային-եկեղեցական տօներէն է: Հայ Եկեղեցին սուրբ թարգմանիչ վարդապետներու անուան ներքեւ կը տօնէ Մեսրոպ Մաշտոցի, Եղիշէի Պատմիչի, Մովսէս Խորենացիի, Դաւիթ Անյաղթ փիլիսոփայի, Գրիգոր Նարեկացիի եւ Ներսէս Կլայեցիի (Շնորհալի) պայծառ յիշատակը:
Ս. Թարգմանիչներն իրենց անսահման ջերմութեամբ և հաւատքի լոյսով ցրեցին տիրող խաւարն ու ջերմացուցին հայ մարդու հոգին: Անոնց շնորհիւ Աստուածաշունչ մատեանը հայերէն թարգմանուեցաւ, եւ հայը առաջին անգամ ըլլալով հնարաւորութիւն ստացաւ իր մայրենի լեզուով կարդալու Աստուծոյ կենդանի խօսքը: Սրբազան թարգմանիչներն իրենց լայն գործունէութեամբ նպաստեցին Հայոց աշխարհի հոգևոր-մշակութային զարթօնքին: Ս. Գրքի թարգմանութեան յաջորդեցին Եկեղեցւոյ Ս. Հայրերու բազմաբնոյթ երկերու հայերէն թարգմանութիւնները, որոնցմէ շատեր այսօր, իրենց բնօրինակներու կորստեան պատճառով, բնագրի արժէք ստացեր են:
Հայ Եկեղեցին սբ. Թարգմանիչ Վարդապետներու` Մեսրոպի, Եղիշէի, Մովսէս Քերթողի, Դաւիթ Անյաղթ փիլիսոփայի, Գրիգոր Նարեկացիի և Ներսէս Կլայեցիի (Շնորհալի) յիշատակը կը տօնէ Ս. Խաչի Դ Կիրակիին յաջորդող շաբաթ օրը:
Ս. Մեսրոպ Մաշտոց (362-440) ստեղծած է Այբուբենը 405 թուականին: Ան Սահակ Պարթեւ կաթողիկոսի եւ Վռամշապուհ թագաւորի աջակցութեամբ, ուղղուած է Ասորիք: Բաւական նեղութիւններէ ետք 405 թուականին Մաշտոց վերդարձած է հայրենիք իր հետ բերելով իր ստեղծած 36 գիրերը: Անկէ ետք, Ս. Սահակ հայրապետին օգնած է Հայ դպրութեան տարածման: Բացած է դպրոցներ, եկեղեցական արարողութիւնները հայացնելու նպատակով կազմած է Պատարգամատոյց , ՜՜Մաշտոցի եւ Ժամագրքի նախնական տարբերակները՝՝, սկսած է Աստուածաշունչի թարգմանութիւնը եւ գրած է քարոզներ:
Ս. Եղիշէ Պատմիչ ( 410 - 470) գրած է ՜՜Վարդանանց եւ հայոց պատերազմի մասին՝՝ Հայ մեծ պատմիչ եւ աստուածաբան եւ կրտսեր աշակերտ Ս. Սահակ Պարթեւի եւ Ս. Մեսրոպ Մաշտոցի:
Ս. Դաւիթ Անյաղթ Փիլիսոփայ(475-550) Հայ մեծ իմաստասէր, ծնած է Տարօնի Ներգին գիւղին մէջ: Հիմնադիրն է Հայաստանի մէջ տրամանաբանական գիտութիւններու: Ան փիլիսոփայութեան տուած է բարոյագիտական ուղղութիւն. անոր մեծագոյն գործն է ՜՜Սահմանք Իմաստասիրութեան՝՝ գործը։ Ստեղծած է նաեւ՝ բազմաթիւ երգեր եկեղեցւոյ համար:
Ս. Մովսէս Քերթող Սիւնեցի (է. դար) Իր ծննդեան եւ մահուան թուականները անյսյտ են: Եղած է Է. դարու երկրորդ կէսի աստուածաբան, թարգմանիչ, ծիսագէտ եւ երաժիշտ-տեսաբան:
Ս. Գրիգոր Նարեկացի (951- 1003) Բանաստեղծ, երաժիշտ, Հայ առաքելական եկեղեցւոյ տօնելի սուրբերէն: Անոր ամենէն աւելի ծանօթ ստեղծագործութիւնն է ՜՜Մատեան Ողբերգութեան՝՝ը որ հրատարակուած է գրաբար, աշխարհաբար՝ արեւելահայերէն եւ արեւմտահայերէն եւ թարգմանուած է բազմաթիւ լեզուներու ինչպէս ֆրանսերէն, անգլերէն, պարսկերէն, իտալերէն, գերմաներէն, սպաներէն:
Ս. Ներսէս Շնորհալի (1102 - 1173) Բանաստեղծ, երաժիշտ, Ամենայն հայոց կաթողիկոս, Ներսէս Դ. Կլայեցի, կոչուեր է ՜՜Շնորհալի՝՝ իր բացառիկ գիտութեան, առաքինի վարքին համապատասխան: Ներսէս Շնորհալիի հոգեւոր բանաստեղծութիւններէն ամենէն աւելի ծանօթ է ՜՜Հաւատով խոստովանիմ՝՝ աղօթքը, որ 24 տուներէ բաղկացած գեղեցիկ բանաստեղծութիւն մը կարելի է համարել: Այս տուներէն իւրաքանչիւրը կը վերագրուի օրուան 24 ժամերէն իւրաքանչիւրին: Ան պարզ ու նոյն ատեն խորաթափանց աղօթք մըն է:








All the contents on this site are copyrighted ©.