2012-06-29 07:16:45

«Տպագրութիւնը Իբրեւ Երկխօսութեան Միջոց»


ՇԸՐՄԸՆ ՕՔՍ.- Կազմակերպութեամբ «Արփա» հիմնարկին, Ուրբաթ, 29 Յունիսին, երեկոյեան դոկտ. Փիթըր Քաուի պիտի ներկայացնէ հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ տպագրութեան դերակատարութեան նուիրուած դասախօսութիւն մը՝ «Տպագրութիւնը իբրեւ 17-18րդ դարերու Սփիւռքի եւ հայկական բարձրաւանդակի միջեւ երկխօսութեան միջոց» խորագիրով: Դոկտ. Փիթըր Քաուի վարիչն է Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղին մէջ գործող Նարեկացիի անուան հայագիտութեան ծրագիրին: Դասախօսական սոյն ձեռնարկը տեղի պիտի ունենայ «Մերտինեան» վարժարանի սրահին մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.