2012-06-28 11:22:18

Վատիկանը ՄԱԿ.էն Կը Պահանջէ, Որդեգրել Երկրի Բոլոր Պետութիւններու Զարգացման Քաղաքականութիւն Մը ։


Վատիկանի մնայուն դէտը ՄԱԿի մօտ` գերապայծառ Սիլվանօ Թոմազի, Ժընեւի մէջ, մասնակցելով՝ մարդու իրաւունքներու խորհուրդին, կոչ ուղղեց երկիրներու պատասխանատուներուն ՜՜յարգելու փոքր պետութիւններու ինքնավարութիւնը՝՝։ Ամէն պետութիւն պէտք է ազատ ըլլայ որդեգրելու զարգացումի ինքնավար ռազմավարութիւն մը՝ առանց այլ երկիրներու միջամտութեան։ Վատիկանի դիւանագէտը այս միջամտութիւնը կատարեց Ժընեւի մարդու իրաունքներու յատկացուած 20-րդ նիստին, որուն նիւթն է ''արտաքին պարտքերը ու մարդու իրաւունքը'' ։








All the contents on this site are copyrighted ©.