2012-06-27 14:26:27

Տիար Աբրահամ Մինասեանի Մահուան Գոյժը ։


Ցաւով իմացանք որ Նիւ Եորքի մէջ, երիտասարդ տարիքին յետ երկարատեւ անողոք հիւանդութեան, իր մահկանացուն կնքեց տիար Աբրահամ Մինասեանը, կրտսեր եղբայրը Արհի. Ռաֆայէլ արք, Մինասեանին առաջնորդը Հայաստանի Վրաստանի եւ Արեւելեան Եւրոպայի կաթողիկէ հայոց, ու նախագահը հայ կաթողիկէ պատրիարքութեան ընկերային հաղորդակցութեանց։
Ռատիովատիկանի հայերէն հաղորդումներու անձնակազմը իր ցաւակցութիւնները կը յայտնէ Արհիապատիւ Արքեպիսկոպոսին ու նաեւ ողբացեալի ընտանեկան պարագաներուն. աղօթք բարձրացնելով առ Աստուած որ իր արքայութեան մէջ ընդունի հանգուցեալը որ եղած էր մեծ հաւատացեալ ու միշտ մօտիկ եկեղեցւոյ։








All the contents on this site are copyrighted ©.