Եգիպտոսի մօտ Առաքելական Դեսպանի Շնորհաւորագիրը Եգիպտոսի Նորընտիր Նախագահին։
Գերապայծառ
Մայքըլ ֆիցկերալտ` Գահիրէի մօտ Սուրբ Աթոռի առաքելական դեսպան, շնորհաւորագիր մը յղած
է Եգիպտոսի նոր ընտիր նախագահ` Մուհամատ Մորսիին մաղթելով որ Ան երկիրը ղեկավարէ ի շահ
բոլոր բնակիչներուն ու ընկերային ցանցին պահպանման ու անոր միութեան։
26 Յունիսը
Հալածանքի Ենթականերու Օգնութեան Միջազգային Օր Հաստատուած ՄԱԿէն։
26 յունիսը
ՄԱԿի որոշումով հռչակուած է որպէս հալածանքի ենթականերու օգնութեան միջազգային օր։ Այս
հռչկումով ՄԱԿի ընդհանուր ժողովը կը յուսայ ամբողջովին ջնջել չարչարանքի դրութիւնը, որ
տակաւին կը կիրարկուի 150 երկիրներու մէջ։ Նման դրութիւն մը հակառակ է մարդու իրաւունքին
ու անոր արժանաւորութեան։ Այս օրուան առթիւ ՄԱԿը հաղորդագիր մը հրապարակած է մասնաւորապէս
ամբաստանելով Թիւնիզիա, Մեքսիքօ եւ Սրի Լանքան, որոնք չարչարանքի դրութեամբ յանցաւորներէն
խոստովանութիւն կը պահանջեն։