2012-06-27 14:25:39

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի Չորեքշաբթի Օրուայ Հրապարակային Ունկնդրութիւնը։


Չորեքշաբթի 27 յունիս 2012-ի առաւօտեան ժամը 10.30-ին Վատիկանի Պօղոս Զ անուան սրահին մէջ Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը հրապարակային ունկնդրութիւն շնորհեց` հոն համախմբուած հազարաւոր ուխտաւորներուն։

Անոնց ուղղած իր խօսքին մէջ Նորին Սրբութիւնը, շարունակելով աղօթքի մասին իր խորհրդածութիւնները ըսաւ.

Սիրեցեալ եղբայրներ ու քոյրեր,
Սուրբ Պօղոս Փիլիպեցիներու ուղղած իր նամակին մէջ մեզի թողուց հոգեւոր ժառանգութեան մը։ Հակառակ ապրած անապահով վիճակին` ան իր ուրախութիւնը կը յայտնէ Քրիստոսին աշակերտելու համար, ու ընթանալու դէպի Քրիստոսը մինչեւ այն աստիճան որ մահը իրեն համար պարտութիւն մը չէ այլ յաղթանակ։Ս. Պօղոս այս ույժը կը գտնէ Քրիստոսի նոյն զգացումներուն մէջ` սէր, հեզութիւն, եւ Աստուծոյ հանդէպ հնազանդութիւն։
Յիսուս` իսկական Աստուած եւ Իսկական մարդ չ՛ապրիր իր Աստուածութիւնը ո տիրապետելու եւ իր ուժը պարտադրելու համար։ Ոչ` Ան կը մերկանայ, մարդկային կերպարանք առնելով, որ դրոշմուած է չարչարանքով ու մահով, դառնալով ուրիշներուն ծառայ` մինչեւ կեանքի զոհաբերումը։ Այսպէսով Քրիստոսի հնազանդութիւնը մեզի կը վերադարձնէ Ադամի անհնազանդութեան պատճառաւ կորսուածը։ Եւ փրկուած մարդը կը վերագտնէ ամբողջ իր արժանապատութիւնը։

Սիրելի բարեկամներ, աղօթքին միջոցաւ Սուրբ Հոգին մեզի կ՛առաջնորդէ դէպի կեանքի իրողութիւնը։ Յիսուսի հետեւիլը կը նշանակէ բաղդատել մեր կամքը Աստուծոյ կամքին հետ. կը նշանակէ պարպել մենք զմեզ որպէսզի լեցուինք Աստուծոյ սիրով որ կարող է սիրել ուրիշները։ Սուրբ Պօղոսի նման մեր արժէքներու աստիճանաւորումի մէջ առաջին հերթին դասաւորենք զԱստուած եւ Յիսուս Քրիստոսի ճանաչումը - ըսաւ Սրբազան Հայրը եզրափակելով խօսքը-։

Խորհրդածութեան աւարտին ապա, Նորին Սրբութիւնը, զանազան լեզուներով ողջունեց ներկայ հաւատացեալները յատուկ ողջոյնի խօսք մը ուղղելով երիտասարդներուն, հիւանդներուն եւ նորապսակեալներուն։
Ամառնային շրջանի մէջ ենք - ըսաւ Սրբազան հայրը - շատերուն համար ալ արձակուրդներու ժամանակն է։
Ձեզի` սիրելի երիտասարդներ, այս ժամանակաշրջանը ըլլայ առիթ` ընկերային եւ հոգեւոր նոր փորձառութիւններ ապրելու։
Ամառնային շրջանը` սիրելի նորապսակեալներ, ծաղկեցնէ ձեր ընտանեկան կապը, ու խորացնէ ձեր առաքելութիւնը ընկերութեան եւ եկեղեցւոյ մէջ։ Ու ձեզի` սիրելի հիւանդներ չի պակսեցնէ ձեր սիրելիներուն մօտիկութիւնը։

Ունկնդրութեան աւարտին Սրբազան Քահանայապետը ջամբեց իր հայրական օրհնութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.