2012-06-27 14:46:38

Նիճերիոյ Կառավարութիւնը Կ'ուզէ Բարւոքել Եկեղեցիներու Պաշտպանութիւնը։


Նիճերիոյ կառավարութիւնը նոր ռազմավարութիւն մը որդեգրած է լաւագոյնս պաշտպանելու նպատակաւ հիւսիսային Նիճերիոյ եկեղեցիները։
Այս նոր նախաձեռնութեան կէտնպատակն է, պաշտպանել՝ կիրակնօրեայ ծիսակատարութեան մասնակցող հաւատացեալները։
Նշենք որ վերջին երեք շաբաթներուն բազմաթիւ յարձակումներ կատարուեցան հիւիսային Նիճերոոյ եկեղեցիներուն դէմ։ Շուրջ 150 քրիստոնեաներ սպաննուեցան։ Անցեալ կիրակի օրը յարաբերաբար խաղաղ անցաւ, հակառակ որ ծայրայեղ մահմետական շարժումը յայտարարած էր այս շաբաթավերջը արիւնալի դարձնել ։








All the contents on this site are copyrighted ©.