2012-06-27 14:26:39

Թուրքիա Դժգոհ Է Չեխ Հանրապետութեան Մէջ Կայացած «Մուսա Լեռները» Գիտաժողովէն։


Չեխական Մշակութային կեդրոնի մը ղեկավար Շիմոն Քրպեց հրաւիրուած է Չեխիոյ մօտ թրքական դեսպանատուն, Փրակի մէջ ցեղասպանութիւններուն նուիրուած միջազգային գիտաժողովէն քանի մը օր ետք։ Թրքական դեսպանատան ներկայացուցիչները ուստի դժգոհութիւն յայտնած են անոր համար, որ «Մուսա Լեռները» խորագիրը կրող գիտաժողովին ընթացքին Հայկական Ցեղասպանութեան մասին խօսուած է:
«Գիաժողովի ընթացքին Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ զեկոյց ներկայացուցած է Քալիֆորնիոյ համալսարանէն փրոֆ. Վահրամ Շեմմեսեան: Այդ առիթով, թրքական դեսպանատան ներկայացուցիչները հարցուցած են թէ ՝՝ մենք ինչո՞ւ խնդիրին վերաբերեալ չենք ներկայացուցած երկրորդ տեսակէտ մը՝՝։ Շիմոն Քրպեց թրքական դեսպանատան ներկայացուցիչներուն տեղեկացուցած է թէ ՝՝ցեղասպանութիւններու ուսումնասիրութեան ոլորտին մէջ Հայկական Ցեղասպանութեան ուսումնասիրութիւնը կեդրոնական տեղ կը գրաւէ, եւ այդ պատճառով ալ հարկ չկայ որեւէ այլ տեսակէտ ներկայացնել՝՝:
Այս Գիտաժողովը տեղի ունեցած է Յունիս 18-20ի միջեւ ու անոր ընթացքին Չինաստանէն, Միացեալ Նահանգներէն, Շուէտէն, Գերմանիայէն եւ Լեհաստանէն ականաւոր մասնագէտներ ուսումնասիրութիւններ ներկայացուցած են:
Ինքնապաշտպանութեան եւ դիմադրութեան պատմութիւններու քննարկման ընթացքին, Ցեղասպանութենէն փրկուած մուսալեռցիներու ժառանգորդ փրոֆ. Վահրամ Շեմմեսեան ուսումնասիրութիւն մը ներկայացուցած է ՝՝Մուսա Լերան՝՝ դիմադրութեան մասին:








All the contents on this site are copyrighted ©.