2012-06-27 14:26:13

Եգիպտոսի Ղպտի Կաթողիկէ Եկեղեցին Կը Շնորհաւորէ Նոր Նախագահին Ընտրութիւնը։


Եգիպտոսի Ղպտի կաթողիկէ եկեղեցին շնորհաւորական պատգամ մը ուղղեց Եգիպտոսի նորընտիր նախագահ Մոհամէտ Մորսիի մաղթելով որ իր կառավարութեան տարիներուն Եգիպտոսը վերագտնէ ռահվիրայի դիրքը միջազգային գետնի վրայ ու ժողովուրդը կարողանայ վերագտնել իր միութիւնը։ Նշենք որ Եգիպտոսի Ղպտի կաթողիկէ եկեղեցին կը հաշուէ աւելի քան 160 հաւատացեալներ։ 61 տարեկան Մոհամէտ Մորսի Նոր նախագահը ճարտարապետ է ու համալսարանի դասատու եւ անդամ իսլամ եղբայրներու կուսակցութեան։








All the contents on this site are copyrighted ©.