2012-06-26 13:38:38

Վատիկանեան Տեղեկութիւններ


Այսօր՝ 26 յունիսի առաւօտեան, Ֆրանսայի եպիսկոպոսական Համահաւաք դասի նախաձեռնութեամբ, Փարիզի մէջ, կազմակերպուած էր մամլոյ ասուլիս մը ՜՜Քահանայապետին Ճամբորդութիւնը Լիբանան- յեղաշրջումի մէջ գտնուող արաբական երկիրներուն հրատապ հարցերն ու մարտահրաւէրները՝՝ նիւթին մասին։
Մամլոյ ասուլիսի ընթացքին ելոյթ ունեցան եկեղեցական անձնաւորութիւններ եւ մասնագէտներ որոնք մօտէն շօշափեցին Սրբազան Քահանայապետի, յառաջիկայ սեպտեմբերին Լիբանան կատարելիք Հովուական այցելութեան հետ կապուած հարցերը, ինչպէս նաեւ՝ Արեւելքի մէջ Քրիստոնեաներու ապագայի հարցը։


՜՜Ոչ Հաւատացեալներու Գաւիթ՝՝ Ծրագիրը Որ Ունի Որպէս Նպատակակէտ Երկխօսութիւն Հաստատել Հաւատացեալներու Եւ Ոչ-Հհաւատացեալներու Միջեւ, Հանգրուան Կը Կատարէ Սուրբ Աթոռի Մօտ Իտալական Դեսպանատուն։

Այսօր Երեքշաբթի 26 յունիսի երեկոյեան ժամը 18.30-ին Սուրբ Աթոռի մօտ Իտալական Դեսպանատան մէջ տեղի կ՛ունենայ ՜՜Ոչ Հաւատացեալներու Գաւիթ՝՝ ծրագիրի հանգրուան մը։
Վատիկանեան այս ծրագիրը ծնունդ առաւ Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի կամքով, հաւատացեալներու եւ ոչ հաւատացեալներու միջեւ մնայուն երկխօսութիւն մը յառաջացնելու նպատակաւ։
Այսօրուայ հանգրուանը ունի որպէս բնանիւթ << Դիւանագիտութիւն եւ ճշմարտութիւն>> որուն մասին կ՛անդրադառնայ Մշակոյթի Քահանայապետական Խորհուրդի նախագահը Կարտինալ Ճանֆրանքօ Ռավազի։ Ելոյթ կ՛ունենան նաեւ, ի մէջ այլոց, միջկրօնական երկխօսութեան Քահանայապետական խորհուրդի նախագահը` Կարտինալ Ժան Լուի Թոռան, Միացեալ Նահանգներու Սուրբ Աթոռի մօտ դեսպանը՝ Տիար Միկէլ Հումպերթօ Տիազ եւ Իտալիոյ հանրապետութեան մօտ Մարոքի դեսպանը՝ Տիար Հասսան Ապուեուպ։








All the contents on this site are copyrighted ©.