2012-06-26 13:38:50

Հայր ֆետերիքօ Լոմպարտիի Շաբաթական Խմբագրականը
Մեռնիլ Յոյսի Մէջ


Ռատիովատիկանի ընդհանուր տնօրէնը այս շաբթուայ իր խմագրականը նուիրած է գաղթականութեան հարցին, նշելով ապաստանեալներու համաշխարհային օրուայ առթիւ, անցեալ 20 յունիսին, Հռոմի մէջ կազմակերպուած աղօթքի հսկումը որ ունէր որպէս նշանաբան <<Յոյսի մէջ Մեռնիլ>>։
Աղօթք մը` - կը գրէ Հայր Լոմպարտին - ի յիշատակ այն անձերուն որոնք փախչելով բռնութիւններէն, անօթութենէն եւ մարդկային իրաւունքներու անարգանքէն, մահացան` դէպի նոր կեանք ճանապարհորդութեան ընթացքին ։
Շատերը մեռան անօթութեան եւ ծարաւի պատճառաւ, ուրիշներ բռնութիւններ կրելով, ուրիշներ ալ ծովերուն մէջ։
Վերջին տարիներուն անոնց թիւը, Եւրոպայի մէջ, 20.000-ի հասաւ (3000-ը միայն վերջին տարուայ ընթացին)։

Փախուստ չի տրուիր միայն դէպի հարուստ երկիրներ։ Վերջին ամիսներուն 70 հազար հոգի ապաստան գտան Մաուրիթանիայի Մպէրրա վայրին մէջ, փախչելով Մալիի քաղաքացիական պատերազմէն։ Իսկ Ափրիկէի մէջ տիրող ընդհարումներու հետեւանքով որքա՞ն է արդեօք գաղթականներու թիւը։ Հարց կու տայ Յիսուսեան Միաբանը։
Իր խմբագրականը եփզրափակելով Ռատիվատիկանի տնօրէնը կը յանձնարարէ` թէ ուտեստեղէն եւ ապաստան ապահովելէ անդին, հարկ է նաեւ ունկնդրել ու հասկնալ ապաստանեալները, անոնց տալով հոգեւոր եւ մարդկային ընդունելութիւն, կեանքի եւ ուրիշին հանդէպ անոնց ներշնջելով յոյսի նշոյլ, ընթանալու համար դէպի յառաջ ։

Հաւատացեալներու եւ բարի կամք ունեցող մարդոց համար ամենամեծ մարտահրաւէնրերէն մին է ասիկա, կերտելու համար նոր եւ աւելի լաւ աշխարհ մը։









All the contents on this site are copyrighted ©.