2012-06-26 13:39:30

"«Հայաստանի Փոքրիկ Երգիչներ» Երգչախումբը Ճաբոնի Մէջ Համերգներ Պիտի Տայ.


«Հայաստանի Փոքրիկ Երգիչներ» Երգչախումբը հրաւէր ստացած է Ճաբոն մեկնելու,համերգային մեծ շրջագայութեամբ:
Ըստ երգչախումբի ղեկավար Տիգրան Հեքեքեանի տարածած հաղորդագրութեան, համերգային այս ծրագիրը տեղի պիտի ունենայ Յուլիս 7 էն-Օգոստոս 12:

Երգչախումբը 16 համերգով հանդէս պիտի գայ Ճաբոնի մեծ քաղաքներուն մէջ, պիտի ունենայ բազմաթիւ հանդիպումներ ճաբոնցի մշակոյթի գործիչներու, յայտնի արուեստագէտներու եւ երիտասարդներու հետ: Այս Շրջագայութիւնը կը միտի մերձեցման եզրեր հաստատել՝ հայ եւ ճաբոնցի ազգերու միջեւ:

Երգչախումբը պիտի ներկայացնէ հայկական հարուստ մշակոյթը եւ, ինչպէս միշտ, պիտի հնչեցնէ նաեւ համաշխարհային անուանի հեղինակներու ստեղծագործութիւններ:








All the contents on this site are copyrighted ©.