2012-06-25 12:48:05

Վատիկանի եւ Վրաստանի Միջեւ Դիւանագիտական Կապերու Հաստատման 20րդ Տարեդարձը։


Վատիկանի Արտգործ Նախարար Գերապայծառ Տոմենիք Մամպերթին այցելութիւն կատարած է Վատիկանի մօտ հաւատարմագրուած վրացական դեսպանատան, երկու երկիրներու միջեւ դիւանագիտական կապերու հաստատման 20րդ տարփդարձի առթիւ։ Ան իր ունեցած ելոյթին ընթացքին ըսաւ. որպէսզի եկեղեցին լիովին կարենայ կատարել իր առաքելութիւնը կարիքը ունի պատշաճ ու կատարեալ ազատութեան։ Այդ ուղղութեամբ, ընդգծեց գերապայծառ Մամպերթին, կ'ուզեմ վերյիշեցնել, որ Վրաստանը օրէնսդրական կարեւոր յանձնառում մը որդեգրած է անցեալ տարի, հայող կրօնական փոքրամասնութիւններու հանրային իրաւական ճանաչումին։ Նման կարգադրութիւն մը մեծապէս գոհունակութիւն պատճառած է Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին։








All the contents on this site are copyrighted ©.