2012-06-25 12:47:57

Գերապայծառ ֆիզիքելլան Ներկայացուց Հաւատոյ Տարին։


Անցեալ 21 յունիսի առաւօտեան ժամը 11.30 անց Վատիկանի մամլոյ գրասենեակի ՅՊԲ անուան սրահին մէջ տեղի ունեցաւ մամլոյ ասուլիս որուն ընթացքին ներակայացուեցաւ յառաջիկայ հոկտեմբերի սկիզբ առնելիք <<Հաւատոյ Տարին>>։
Հանդիպումի ընթացքին, Նոր աւետարանութեան Քահանայապետկական Խորհուրդի Նախագահը գերապայծառ Ռինօ ֆիզիքելլան ներկայացուց Հաւատոյ տարուայ ընթացքին նախատեսուած ձեռնարկներու օրակարգը եւ ժամանակացոյցը։
Ան ապա ներկայցուց Հաւատոյ Տարուայ առթիւ պատրաստուած յատուկ կայքէջը` Հաւատոյ Տարուայ շքանշանը ինչպէս նաեւ Հաւատոյ Տարուայ առթիւ պատրաստուած օրհներգը։
Իր ելոյթի ընթացքին Գերապայծառ ֆիզիքելլան յայտարարեց որ յառաջիկայ սեպտեմբեր ամսուայ ընթացքին, լոյս պիտի տեսնէ, զանազան լեզուներով, <<Ապրիլ Հաւատոյ Տարին>> վերտառութեամբ Հովուական ուղեցոյց մը։
Հաւատոյ Տարին Սկիզբ կ՛առնէ հոկտեմբեր 2012 եւ վերջ կը գտնէ 2013-ի նոյեմբերին։ Գերապայծառ ֆիզիքելլայի գնահատումով այսօր կ՛ապրինք <<ընդհանուր ճգնաժամ մը որ կ՛ընդգրկէ նաեւ հաւատքը>>։ Մարդս այսօր շփոթ վիճակի մէջ կ՛ապրի եւ մենակ եւ բռնի ուժերու բերին տակ չի գիտեր դէպի ուր ուղղել իր կեանքը։








All the contents on this site are copyrighted ©.