2012-06-24 09:38:00

Իտալացի Քահանայ Մարիանօ Արչէրօ Խորաններու Պատւոյն։
Նոր Երանելի Մարիանօ Արչէրօ( 1707-1788) ։


Այսօր Իտալիոյ Սալէրնօ քաղաքի Գոնթուրսի Թերմէ նահանգը Երանելի հռչակուեցաւ Իտալացի քահանայ Մարիանօ Արչէրօ։ Երանացման արարողութիւնը գլխաւորեց Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի ներկայայցուցիչ Կարտինալ Անճէլօ Ամաթօ։

Կարտինալ Ամաթօ խօսելով նոր Երանելիի մասին ըսաւ որ՝՝ ան իր կեանքի ընթացքին իր ամբողջ էութեամբը յանձնառու եղաւ սրբացնելու իր եւ օտարին կեանքը,ուստի կ՝արժէ որ քրիստոնեայ հաւատացեալները զայն ճանչնան։ Անոր ապրած ժամանակաշրջանէն անկախ, ՝՝Սուրբը՝՝ միշտ այժմէական է ,անոր համար որ ՝՝Սուրբը՝՝ հաւատքի կեանքի օրինակ մըն է։ Եւ ինչպէս կ՝ըսէ Սուրբ Յովհաննէս, յիշենք ՝՝ Ասիկա յաղթանակն է որ տարուեցաւ աշխարհի վրայ. մեր հաւատքը՝՝ ։

Նոր երանելին Մարիանօ Արչէրօ կը ծնի Սալէրնոյի Գոնթուրսի աւանը 1707ին, աշխատասէր հողագործ ընտանիքի մը յարկին տակ։ Քահանայ կը ձեռնադրուի 1731ին ,դառնալով Աւետարանի երանդուն մէկ քարոզիչը։ Իր առաքելութիւնը կը կատարէ երկու քաղաքաներու մէջ Գոսէնցայի մերձակայ Գասսանօ-ի եւ Նաբփոլիի մէջ։ Զինք կը կոչէին ՝՝Աստուծոյ մատենադարանը ՝՝, քանի անխոնջ քարոզիչ մըն էր։ Աստուծոյ խօսքը կ՝ուղղէր՝ երախաներուն, չափահասներուն,ժառանգաւորներուն ու քահանաներուն։ Կրնանք ըսել որ ան եղաւ Աւետարանի շրջուն Առաքեալը,եւ Աւետարանութեան փորձառու մէկ քարոզիչը , արժանանալով բոլորի հիացումին իր բարեգթութեան,աղքատութեան ու խոնարհութեանը համար։
Երանելի Մարիանօ Արչէրօ վախճանեցաւ 1788ին։ 1950ին անոր մարմինը Նափոլիէն տեղափոխուեցաւ Գոնթուրսի՝ իր ծննդավայրը։








All the contents on this site are copyrighted ©.