2012-06-23 12:29:51

Վատիկանեան Տեղեկութիւններ


Հռոմի Գարիթասի նախաձեռնութեամբ շաբաթ 23 յունիսի առաւօտեան ժամը 9ին Հռոմի մէջ տեղի ունեցաւ <<Հռոմ յարաբերական քաղաք։ առաջարկներ քրիստոնէական եւ եղբայրական համակեցութեան համար>> վերտառութեամբ համաժողով մը։ Համաժողովին ելոյթ ունեցաւ, ի մէջ այլոց, Հռոմի թեմի տեղապահ Արքեպիսկոպոսը` Կարտինալ Ակոսթինօ Վալլինին։

Սուրբ Պօղոս եւ Ս. Պետրոս առաքելապետերու տօնին առթիւ, Իտալիոյ եպիսկոպոսական համահաւաք դասը, կիրակի 24 յունիսը յայտարարած է ՜՜ Սրբազան Քահանայապետի ի նպաստ նուիրատութեան օր՝՝։ Այդ օրը Իտալական եկեղեցիներու մէջ Սուրբ Զոհին ընթացքին կատարուած դրամահաւաքը կը դրուի Սրբազան Քահանայապետի տրամադրութեան տակ, Սրբազան Հօր բարեսիրական գործունէութիւններուն ի սպաս։








All the contents on this site are copyrighted ©.