2012-06-23 12:28:49

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին Գործունէութիւնը


Այսօր շաբաթ 23 յունիսի առաւօտեան ժամը 10ին Պոլոնիա անուան սրահին մէջ Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը հանդիպում ունեցաւ Վատիկանի պետութեան բարձրաստիճան անդամներուն հետ, խորհրդակցելու եւ քննարկելու համար անոնց հետ Տիեզերական Եկեղեցւոյ հրատապ հարցերը։
Այս հերթական ժողովը մի քանի տարիէ ի վեր տեղի կ՛ունենայ, տարին երկու անգամ մէկը ձմեռուայ ընթացքին եւ միւսը ամառուայ սկիզբը։
Նշենք որ Սրբազան Քահանայապետները իրենց առաքելութիւնը լաւագոյն կերպով կատարելու նպատակով, դարերու ընթացքին, հաստատած են Ժողովներ եւ կազմած են խորհուրդներ, անոնց որպէս կառավարիչներ եւ նախագահներ նշանակելով Ծիրանաւոր կարտինալներ կամ եպիսկոպոսներ։

Նշենք որ ըստ Վատիկանի Մամլոյ Գրասենեակի յայտարարութեան, շաբաթ 23 յունիսի յետ միջօրէին, Նորին Սրբութիւնը հանդիպում ունեցաւ հինգ կարտինալներու հետ։Նոյն յայտարարութիւնը կը հաստատէ թէ, շատ հաւանական է որ յաջորդ օրերուն այս խորհրդակացական հանդիպումները շարունակուին։

Սուրբ Աթոռի կառավարութեան մաս կը կազմեն 9 Ժողովներ եւ 12 Քահանայապետական խորհուրդներ, բացի անշուշտ Վատիկանի Պետական Քարտուղարէն որ Սրբազան Քահանայապետի անմիջական օգնականն է։

Սուրբ Աթոռի Ժողովներն են.
ա - Հաւատոյ Ժողովը
բ - Արեւելեան Եկեղեցիներու Ժողովը
գ - Աստուածային պաշտամունքի եւ ծիսակատարութեան Ժողովը
դ - Սուրբերու Դատի Ժողովը
ե - Ժողովուրդներու աւետարանացումի Ժողովը
զ - Կղերի Ժողովը
է - Նուիրեալ Անձերու Ժողովը
ը - Կաթողիկէ դաստիարակութեան Ժողովը
թ - Եպիսկոպոսներու Ժողովը

Իսկ Քահանայապետական 12 Խորհուրդներ են։
1. Աշխարհականներու խորհուրդը
2. Քրիստոնեաներու միութեան խորհուրդը
3. Ընտանիքի խորհուրդը
4. Խաղաղութիւն եւ արդարութիւն
5. Գոր Ունում` բարեսիրական մարմնի խորհուրդը
6. Գաղթականներու եւ փախստականներու հովուութեան խորհուրդը
7. Առողջապահութեան խորհուրդը
8. Օրէնսդրական բնագիրներու խորհուրդը
9. Միջկրօնական երկխօսութեան խորհուրդը
10. Մշակոյթի խորհուրդը
11. Ընկերային Հաղորդակցութեանց խորհուրդը
12. Նոր աւետարանութեան խորհուրդը









All the contents on this site are copyrighted ©.