2012-06-23 12:34:15

Կարտինալ Վելիօ իր Մտահոգութիւնը Յայտնած Է Գաղթական Փախստականներու Կացութեամբ։


Կարտինալ Անթոնիօ Վելիօ` նախագահը գաղթականներու ու փախստականներու հովուութեան քահանայապետական խորհուրդին, վերջերս մասնակցած է Սանթ Էճիտիօ կոչուած եկեղեցական շարժումի աղօթքի հսկումին եւ որուն ընթացքին խօսք առած է ու ընդգծած՝ է հարկաւորութիւնը որ միջազգային հասարակութիւնը յարգէ գաղթականներու իրաւունքները ու պաշտպան հանդիսանայ քաղաքական ապաստան դիմող փախստականներուն։ Կարտինալը ցաւ յայտնած է որ կարգ մը երկիրներ սկսած են վերատեսել իրենց քաղաքականութիւնը գաղթական-փախստականներու նկատմամբ։ Ան մատնանշեց հարկաւորութիւնը որ հարուստ երկիրները ստանձնեն իրենց պատասխանատուութիւնները պաշտպանելու իրենց հայրենիքէն փախուստ տուող բռնութեան ու խտրականութեան ենթակայ անհատները ։ Ան հարուստ երկիրներէն խնդրեց որ հիւրընկալութեան քաղաքականութիւն մը որդեգրեն։








All the contents on this site are copyrighted ©.