2012-06-23 12:45:20

Լարուածութիւնը Ծայրաստիճան Սուրիոյ եւ Թուրքիոյ Միջեւ ։ Սուրիոյ Հակաօդային Պաշտպանութեան Համակարգերը Վար Առած՝ Թրքական Ռազմական Օդանաւ Մը ։


Սուրիա հաստատած է թէ վար առած է Թրքական Օդանաւը,Երբ անիկա Սուրիական Օդային տարածքը մտած էր. Սուրիոյ տարածքային ջուրերուն մէջ անհետացած թրքական ռազմական օդանաւը ոչ թէ ինկած է, այլ կործանուած է սուրիական հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերու գործողութիւններուն արդիւնքով։ Թրքական կառավարութեան տուեալներով` օդանաւին հետ կապը ընդհատուած էր այն ժամանակ, երբ ան կը գտնուէր Միջերկրական ծովուն վրայ` Թուրքիոյ հարաւ-արեւելքը:
Թրքական կողմը կը տեղեկացնէ, որ F-4 տիպի ռազմական օդանաւին մէջ կային երկու օդաչուներ, որոնք գտնելու համար փրկարարական աշխատանքներ սկսած են
Թրքական հեռուստաընկերութիւնները հաղորդած էին նաեւ, որ Անգարա դիմած է սուրիական իշխանութիւններուն, Սուրիոյ տարածքային ջուրերուն մէջ օդաչուները յայտնաբերելու աշխատանքներ իրականացնելու նպատակով:
Միւս կողմէ Թուրքիոյ Հանրապետութեան Նախագահը Ապտուլլահ Կիւլ յայտնած , թէ «Սուրիոյ կողմէ թրքական կործանիչին վար առնուելը կարելի չէ անտեսել» եւ «Անգարա կործանիչին վար առնուելուն խիստ կերպով պիտի հակադարձէ»։








All the contents on this site are copyrighted ©.