2012-06-23 12:39:16

Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը, Կոչ Ուղղած Է Միջեկեղեցական Կառոյցներուն, Որպէսզի Աջակցին Սուրիահայերուն։


Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսը, 22 Յունիսին ընդունած է «Եկեղեցիներու համատեղ գործողութիւն» համադաշնութեան գլխաւոր քարտուղարը՝ Ճոն Նտունան, ընկերակցութեամբ՝ Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի ՜՜Հայաստանեան Կլոր սեղան՝՝ միջեկեղեցական հիմնադրամի տնօրէն՝ Կարէն Նազարեանի:
«Եկեղեցիներու համատեղ գործողութիւն» համադաշնութիւնը 140 երկիրներու մէջ ունի 131 անդամ եւ գործունէութիւն կը ծաւալէ արտակարգ կացութիւններու բարելաւման, ինչպէս նաեւ ընկերային եւ զարգացման բնագաւառներուն մէջ:
Գարեգին Բ. կաթողիկոսը ողջունած է Նտունայի Հայաստան եւ Ս. Էջմիածին տուած այցելութիւնը, ապա իր գնահատանքը արտայայտած՝ համադաշնութեան Հայաստանի մէջ Կլոր սեղան հիմնադրամին եւ համադաշնութեան հայաստանեան ֆորումի հետ համագործակցութեան, ինչպէս նաեւ արտակարգ իրավիճակներու մէջ ապրողներու, ընկերային զանազան խնդիրներ ունեցողներուն ի նպաստ ցուցաբերուող զօրակցութեան համար: Վեհափառ հայրապետը կարեւոր նկատած է եկեղեցիներու փոխհամագործակցութիւնը տարբեր բնագաւառներուն մէջ՝ դիտել տալով, որ այդ մէկը կը նպաստէ համընդհանուր ջանքերու մէկտեղման եւ կը զօրացնէ իւրաքանչիւր եկեղեցի եւ անոր հաւատացեալները, իրենց հաւատքի մէջ, եղբայրական սիրոյ եւ զօրակցութեան բարի օրինակ հանդիսանալով:
Իր կարգին համադաշնութեան գլխաւոր քարտուղար Ճոն Նտունան ուրախութիւն յայտնած է հանդիպումին համար, ընդգծելով՝ որ կազմակերպութիւնը սերտօրէն կը համագործակցի Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդին հետ եւ մեծապէս շնորհակալ է համադաշնութեան անդամ Կլոր Սեղան հիմնադրամին նկատմամբ Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցւոյ ցուցաբերած զօրակցութեան համար:
Հանդիպումին ընթացքին Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը մտահոգութիւն յայտնած է Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն նկատմամբ, որոնց իբրեւ հետեւանք սուրիաբնակ բազմաթիւ հայորդիներ ներգաղթած են Հայաստան: Այս առընչութեամբ Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը կոչ ուղղած է միջեկեղեցական կառոյցներուն, որոնց կարգին «Եկեղեցիներու համատեղ գործողութիւն» համադաշնութեան անհրաժեշտ աջակցութիւնը ցուցաբերելու անօգնական վիճակի մէջ գտնուող հայորդիներուն: Հանդիպման աւարտին ան իր օրհնութիւնը տուած է համադաշնութեան եւ յաջողութիւններ մաղթած է կազմակերպութեան՝ քրիստոնէական ոգին զօրացնելու եւ մարդկութեան կեանքը բարիքներով առատացնելու իր առաքելութեան մէջ:








All the contents on this site are copyrighted ©.