2012-06-23 12:39:34

Անթիլիասի Դպրեվանքի Ամավերջի Հանդէս


Այս առթիւ Արամ Ա. Կաթողիկոսը «Կիլիկեան Իշխան»-ի Շքանշանով Կը Պարգեւատրէ Տէր Եւ Տիկին Ալեքքօ Եւ Անի Պեզիկեան Ամոլը
Չորեքշաբթի, 20 յունիսի երեկոյեան, Պիքֆայայի դպրեվանքի շրջափակին մէջ , հովանաւորութեամբ եւ նախագահութեամբ Արամ Ա. կաթողիկոսին տեղի ունեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանքի 82-րդ ուսումնական- կրթական տարեշրջանի փակման հանդիսութիւնը։ Դպրեվանքի տեսչութեան կողմէ պատրաստուած յատուկ յայտագիրի մը հիման վրայ կատարուեցաւ Աւետարանէն եւ «Նարեկ» աղօթամատեանէն ընթերցում` ընծայարանական սարկաւագներու կողմէ: Տեղի ունեցաւ գեղարուեստական յայտագիր: Ապա երգախառն կատարումով, դպրեվանքի երգչախումբը ներկայացուց զանազան քերթուածներէ կատարուած համադրում` ղեկավարութեամբ Թորգոմ վրդ. Տօնոյեանի:
Յանուն շրջանաւարտներուն շնորհակալութեան խօսք ուղղեց նորընծայ Տաճատ աբղյ. Աշըգեան` երախտագիտութիւն յայտնելով վեհափառին, տեսչութեան եւ ուսուցչակազմին, որոնք անցնող ութ տարիներուն դերակատար եղան իրենց հոգեմտաւոր կազմաւորման մէջ:
Տեսչական տեղեկագիրով, որ կը բաղկանար վեց բաժիններէ` ա. տեղեկատուութիւն, բ. ինքնութիւն, գ. կազմաւորում, դ. առաքելութիւն, ե. ծրագիրներ, զ. հունձք, Նարեկ արք. Ալեէմեզեան անդրադարձաւ անցնող տարեշրջանին կատարուած ուսումնական-կրթական աշխատանքին` յատկապէս յիշելով տեսչական եւ ուսուցչական կազմերուն գործունէութիւնը, ուսանողութեան եկեղեցական, կրթական եւ ընկերային առօրեան եւ ի վերջոյ այս տարուան հունձքը, որ վեց նորընծայ աբեղաներով կու գայ զօրացնել Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միաբանութեան շարքերը:
Տեսուչ սրբազանը շնորհակալութեան իր խօսքը ուղղեց նաեւ դպրեվանքին նիւթապէս զօրավիգ կանգնած բոլոր բարերարներուն եւ հայ ժողովուրդի զաւակներուն, որոնք կը սիրեն դպրեվանքը եւ կը գուրգուրան անոր: Վերջապէս, սրբազանը ըսաւ, որ դպրեվանքի նախկին շրջանաւարտ սաներուն հետ կապը աւելի հետեւողական դարձնելու եւ զանոնք աւելի ամրօրէն հայ եկեղեցւոյ կապելու համար, դպրեվանքի տեսչութիւնը մտադիր է կազմակերպել նախկին դպրեվանեցիներու հաւաք մը եւ հիմնել դպրեվանեցիներու միութիւն մը:
Ապա, վեհափառը` բաշխեց վկայականները եւ տուաւ իր հայրապետական պատգամը, յորում նախ անդրադարձաւ դպրեվանքի առաքելութեան, ապա յիշեցուց, թէ «դպրեվանքին օժանդակել, դպրեվանքին աջակից դառնալ կը նշանակէ մասնակից դառնալ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան առաքելութեան»: Վեհափառը յայտնեց, որ այդ առաքելութեան մասնակից կը դառնան անձեր ու հաստատութիւններ սփիւռքի զանազան գաղութներէն: Ապա վեհափառը յատուկ կերպով յիշեց տէր եւ տիկին Ալեքքօ եւ Անի Պեզիկեան ամոլը ըսելով. որ անոնք 1.200.000 տոլարով հիմնեցին դպրեվանքի հիմնադրամ եւ նոյն ոգիով կը շարունակեն իրենց բարերարութիւնն ու ծառայութիւնը` յաճախ հեռու ամէն տեսակ լուսարձակներէ»:Վեհափառը իր խօսքը ուղղեց վեց նորընծայ աբեղաներուն ըսելով որ անոնք կոչուած են ծառայելու հայ ժողովուրդին ու եկեղեցւոյԱպա կարդացուեցաւ վեհափառին հայրապետական սրբատառ կոնդակը` ուղղուած տԷր եւ տիկին Ալեքքօ եւ Անի Պեզիկեանին, որմէ ետք վեհափառը զանոնք պարգեւատրեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Կիլիկեան իշխան»-ի շքանշանով: Հուսկ՝ խօսք առնելով Ալեքքօ Պեզիկեան կարեւորութեամբ շեշտեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան առաքելութիւնն ու այդ առաքելութեան ոգի ու տեսիլք տուող դպրեվանքը եւ խոստացաւ շարունակել իր զօրակցութիւնը: Ան հաստատեց, որ դպրեվանքը, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը եւ Պիքֆայայի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցին յատուկ եւ անջնջելի տեղ ունին իրենց ընտանիքի պատմութեան մէջ եւ աւարտեց իր խօսքը շեշտելով, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը անսասան պիտի շարունակէ իր դարաւոր առաքելութիւնը:
Յայտնենք, որ դպրեվանքի ամավերջի հանդէսէն առաջ, վեհափառին ձեռամբ տեղի ունեցաւ միաբանական նոր շէնքի հիմնօրհնէքը:








All the contents on this site are copyrighted ©.