2012-06-22 12:38:38

Տիգրանակերտի Մէջ Հայերէնի Դասընթացի Առաջին Շրջանաւարտները Վկայական Ստացած .(Թուրքիա)


Տիրապեքիրի (Տիգրանակերտ) Սուրի շրջանին մէջ բացուած հայերէնի դասընթացը աւարտած առաջին 27 աշակերտները, 21 Յունիսին ստացած են աւարտական վկայականներ:

Կազմակերպուած ձեռնարկին մասնակցած են քրտամէտ «Խաղաղութիւն եւ ժողովրդավարութիւն» կուսակցութեան Տիարպեքիրի պատգամաւոր Տիար Ալթան Թան, Սուրի շրջանի քաղաքապետ Ապտուլլահ Տէմիրթաշ եւ բազմաթիւ այլ հիւրեր:

«Ասիկա մեր պատմական պարտքը հատուցելուն ուղղուած քայլ մըն է: Մենք դեռ պիտի շարունակենք վճարել այդ պարտքը: Մենք կը շարունակենք հայկական եկեղեցւոյ վերակառուցումը»(ըսած է Տէմիրթաշ) :

Իսկ Պատգամաւոր Ալթան Թան իր ելոյթին մէջ նշած է, որ իրենք նոյնպէս կ’աջակցին Սուրի քաղաքապետարանի «բազմալեզու» քաղաքականութեան: «Ժամանակ մը այս քաղաքի փողոցներուն մէջ հայերը, ասորիները, քիւրտերը, արաբները միասին կ’ապրէին: Պատմութիւնը ետ բերել հնարաւոր չէ, սակայն կարելի է ապագային ուղղուած դրական քայլ մը ընել»( ըսած է Պատգամաւորը):








All the contents on this site are copyrighted ©.