2012-06-22 12:39:34

Վիէթնամի Ոստիկանութիւնը Քրիստոնեաներուն Դէմ Հալածանք Կը Մղէ ։


Տեղական իշխանութիւններու մեղսակցութեամբ, Վիէթնամի ոստիկանութիւնը միշտատեւ հալածանք կը մղէ քրիստոնեաներուն դէմ։ Քրիստոնեայ հաւատացեալները ստիպուած են յաճախ տուներու մէջ կազմակերպել ծիսակատարութիւններ խուսափելու համար ոտիկանութեան հալածանքէն։ Սակայն տեղական իշխանութեան մատնութեամբ անոնք յաճախ կը փռնուին ։ Եկեղեցին ի տես այս զեղծումներուն բողոքագիր մը ներկայացուցած է Պետութեան հաստատելով ամէն անհատի իրաւունքը իր տունը հրաւիրելու կղերական մը ու միատեղ աղօթք կատարելու։








All the contents on this site are copyrighted ©.