2012-06-22 12:40:08

Խորովածի, Տոլմայի Եւ Խաշի Փառատօներուն Կողքին ,Նոր Փառատօներ Պիտի Կազմակերպուին Հայաստան Երկրաշխարհին Մէջ։


«Հայ խոհարարական աւանդոյթների զարգացման եւ պահպանման» հասարակական կազմակերպութիւնը մնայուն կերպով նոր փառատօներու կը ձեռնարկէ։ Կազմակերպութեան քարտուղար Վահէ Անթանեսեան այս մասին խօսելով յայտնած է, որ փառատօնային ծիրի ընդարձակումը ո՛չ միայն տուեալ ուտելիքներու նուիրուած ձեռնարկներ կ՛ենթադրէ, այլ անոնց զուգահեռ ազգային տօներու կայացում։
Տոլմայի համահայկական փառատօնը արդէն երկրորդ տարին ըլալլով տեղի պիտի ունենայ Յուլիս 11ին՝ Սարդարապատի մէջ: Փառատօնի այս տարուան նպատակը պիտի ըլլայ հայկական տոլմայի պատմութեան վերականգնումը եւ նոր տարատեսակներու ի յայտ բերումը:
Ապա այս տարուան 10-11 Օգոստոսին Գեղարքունիքի մարզի Ծաղկունք գիւղին մէջ առաջին անգամ ըլլալով պիտի կազմակերպուի «Նաւասարդ թոնրատուն» երկօրեայ ձեռնարկը՝ յագեցած ազգային երգ ու պարով, թոնիրի մէջ պատրաստուող կերակուրներով, նաւասարդ տօնակատարութեան խաղերով: «Սերունդ» հայապահպանական հասարակական կազմակերպութեան նախաձեռնութեամբ, Տաւուշի մարզին մէջ 17 Օգոստոսին տեղի պիտի ունենայ մեղրի եւ պտուղներու փառատօն:
Հուսկ Չորրորդ տարին ըլլալով Սեպտեմբերին Ախթալայի մէջ պիտի կայանայ խորովածի փառատօնը:
Կը նախատեսուի, որ յառաջիկայ տարի Երեւանի մէջ մեծ շուքով նշուի Բարեկենդանը, որուն զուգահեռ պիտի կազմակերպուի խաշի փառատօն, ինչպէս նաեւ փորձ պիտի կատարուի վերականգնելու Բարեկենդանի դիմակահանդէսը, որ տարբեր երկիրներու մէջ կը կայանայ:








All the contents on this site are copyrighted ©.