2012-06-22 12:38:18

Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի (ԵՀԽ) ի' ''Հաւատք Եւ Կարգ'' Յանձնախումբի Հերթական Հանդիպումը Մալէզիայի Մէջ։


Պէնանի Մէջ, 17 Յունիսին՝ սկիզբ առաւ Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի ՜՜Հաւատք եւ կարգ՝՝ յանձնախումբի հերթական հանդիպումը։
Եօթօրեայ ժողովի ընթացքին յանձնախումբը պիտի ամփոփէ վերջին վեց տարիներու իր աշխատանքները, քննարկելով՝ եկեղեցաբանական եւ բարոյագիտական փաստաթուղթեր, ինչպէս նաեւ պիտի անդրադառնայ Եկեղեցւոյ մէջ հեղինակութեան աղբիւրներու հարցի ուսումնասիրութեան։
Սոյն հանդիպումին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը կը ներկայացնէ, Նաթան արք. Յովհաննիսեան՝ տնօրէնը Մայր Աթոռի Հրատարակչական բաժնին:








All the contents on this site are copyrighted ©.