2012-06-22 12:39:23

Գերմանիոյ Կաթողիկէները Քննադատած Են Բողոքական Մեթոտականնները որ Մահմետականներուն Ծախած Են Իրենց Մէկ Եկեղեցին ։


Համպուրկ թեմի առաջնորդը գերապայծառ Հանս Ժոխն` միջկրօնական հարցերու պատասխանատու, խստիւ քննադատած է բողոքական մեթոտականները որ Թուրքիոյ ալաուի մահմետականներուն վաճառած են իրենց պաշտամունքի տունը։ Գերապայծառ Ժոխն ընդգծեց որ թէեւ Գերմանիոյ քրիստոնեաները միշտ բարեկամական կապեր հաստատած են բոլոր կրօններու հետ սակայն այս չի նշանակեր մոռնալ կրօնական տարբերութիւնները։
Քրիստոնեաները կը դաւանին ու կը հռչակեն որ Յիսուս Քրիստոս ''Միակ Տէրն է'' ու միջնորդը Աստուծոյ ու մարդոց միջեւ։ Հետեւաբար կարելի չէ համահաւասար դասել Քրիստոսը կրօնական այլ առաջնորդներու հետ, ըլլան անոնք Մոհամետ թէ Պուտտա։
Հարկաւոր է ճշմարտապէս ու անկեղծութեամբ հռչակել մեր քրիստոնէական ինքնութիւնը յարգելով հանդերձ ուրիշներու կրօնքը։
Նշենք որ Դաշնակցային Գերմանիոյ եպիսկոպոսական դասը պաշտօնապէս իր հակառակութիւնը յայտնեց որ քրիստոնէական պաշտամունքի վայրերը մզկիթներու վերածուին։ Նոյն գաղափարէն է նաեւ Գերմանիոյ աւետարանական եկեղեցին։








All the contents on this site are copyrighted ©.