2012-06-21 13:12:04

Սփիւռքի Նախարար Հրանուշ Յակոբեան այցելած՝ Վիէ ննայի «Հովհաննես Շիրազ» Շաբաթօրեայ Դպրոցը։


Աշխատանքային այցով Վիեննայ գտնուող Հայաստանի Հանրապետութեան Սփիւռքի նախարար Տիկին Հրանուշ Հակոբեան, (ինչպէս որ -կը տեղեկացնէ) Աւստրիոյ մօտ ՀՀ դեսպան Արման Կիրակոսեանի ուղեկցութեամբ այցելած է Հայ եկեղեցական միութեան խնամատարութեան ներքեւ գործող «Հովհաննես Շիրազ» Շաբաթօրեայ Դպրոցը, ուր կը յաճախեն շուրջ 160 աշակերտներ ։
Դպրոցի ղեկավարութեան և անձնակազմին հետ Նախարարը քննարկած է ներկայ խնդիրները, ներկայացուցած նախարարութեան ծրագրերը, ծանօթացած աշակերտութեան, Սփիւռքի Նախարարութեան Պատուոյ Գիրերով պարգեւատրած՝ վաստակաշատ Մանկավարժները : Հրանուշ Հակոբեան այցելած է ապա Վիէննայի Մխիթարեան Միաբանութիւնը ուր տեսակցած է Միաբան Հայրերուն հետ:
Յաջորդ օրը Նախարարը մասնակցած է Վիէննայի Հայ Առաքելական Սբ. Հռիփսիմէ Եկեղեցւոյ մէջ կայացած Կեդրոնական Եւրոպայի և Շուէտի Հայրապետական պատուիրակ հոգեշնորհ Տեր Հայկազուն Ծայրագոյն Վարդապետ Նաճարեանի մատուցած Սուրբ Պատարագին ։
Նախարար Հրանուշ Հակոբեան այցելած է նաեւ Վիեննայի մօտ՝Հայաստանի Հանրապետութեան Դեսպանութիւնը, ուր հարցազրոյց մը տուած է Աւստրիա լոյս տեսնող «Պրոֆիլ» Շաբաթաթերթի թղթակից Ռայներ Հիմմելֆրոյնդփոյնթներ-ին:








All the contents on this site are copyrighted ©.