2012-06-21 12:54:08

Հնդկաստանի Քրիստոնեաները Դարձեալ Թիրախ Են Ինդու Ազգամոլերու։


Անցեալ 15 յունիսին ազգամոլ ինդուները նախայարձակում կատարած են Օրիսա նահանգին մէջ։ Հնդկաստանի քրիստոնեաներու խորհուրդի նախագահ՝ Սաժան Ժորժի գնահատումով, ազգամոլ ինդուները այսպէս կոչուած ՜՜սատանայական ծրագիր՝՝ մը կը պատրաստեն դարձեալ ի գործ դնելու՝ 2008ին Քանտհամալի քրիստոնեաներու դէմ իրենց կատարած ջարդը, որուն ընթացքին սպաննուած էին 93 հոգի, եւ իրենց օճախներէն տեղահանուած՝ 50 հազար քրիստոնեաներ։ Այդ խռովութիւններու ընթացքին ազգամոլ ինդուները նաեւ կողոպտեցին 6500 տուներ ու քանդեցին 350 եկեղեցիներ եւ 45 դպրոցներ։








All the contents on this site are copyrighted ©.