2012-06-21 13:12:21

Աշխարհահռչակ Սոփրանօ Յասմիկ Պապեան՝ Փասատինայի Բեմին Վրայ։


Հայազգի աշխարհահռչակ Սոփրանօ Յասմիկ Պապեան Լոս Անջելըս կը գտնուի եւ Յունիս 22ին Օփերայի սիրահարները բացառիկ առիթը կ՛ունենան ներկայ ըլլալու Օփերայի գեղեցիկ երեկոյի մը : Միջազգային ամենահեղինակաւոր բեմերը գրաւած ու տարբեր մրցանակներու ու կոչումներու արժանացած, 22 Յունիսին ՝ ՀՀ ՝՝Ժողովրդական Արտիստ՝՝ ճանաչուած Յասմիկ Պապեանը, հանդէս կուգայ բարեգործական նպատակով համերգի մը ծիրէն ներս, որմէ ստացուած հասոյթը պիտի տրամադրուի Հայաստանի շաքարախտով հիւանդ երեխաներու Հիմնադրամին:

Յասմիկ Պապեանի հետ հանդէս կուգայ Կլենտէյլի Սիմֆոնիկ Նուագախումբը՝ հայրենակից Միքայէլ Աւետիսեանի ղեկավարութեամբ: «Արուեստագէտները՝ երեխաներու համար» (Artists for Kids) կազմակերպութեան այս համերգային նախաձեռնութեան շնորհիւ,երկու տաղանդաւոր հայ երաժիշտներ նոյն բեմին վրայ կը ներկայացնեն նաեւ հայկական երաժշտութիւնը՝ ամերիկացի հանդիսատեսին: Յայտարգի մէջ տեղ կը գրաւեն արիաներ իտալական լաւագոյն օփերաներէն ու հայկական, մասնաւորապէս՝ Կոմիտասի գործերը:








All the contents on this site are copyrighted ©.