2012-06-20 13:11:43

Վատիկանը Կը Դատապարտէ Նիճերիոյ Եկեղեցիներու Դէմ Գործադրուած Ահաբեկչութիւնները։


Վատիկանի մամլոյ գրասենեակի տնօրէնը ի տես Նիճերիոյ եկեղեցիներու դէմ գործադրուած՝ շարք մը ահաբեկչութիւններուն, մամլոյ յայտարարութիւն կատարած է ըսելով որ ՜՜Նիճերիոյ եկեղեցիներու դէմ գործադրուած յարաճուն ահաբեկչութիւնները ահաւոր են ու անընդունելի՝՝ ։ Ան ըսած է որ Նիճերիոյ բնակչութեան մեծամասնութիւնը կ'ուզէ խաղաղ համակեցութիւնը։ Մեր բաղձանքն է, ըսած է Ս. Աթոռի բանբերը, որ Նիճերիոյ կառավարութիւնը ազդու կերպով միջամտէ, արմատախիլ ընելու ահաբեկչութիւնը այս մեծ երկրի բարիքին համար։









All the contents on this site are copyrighted ©.