2012-06-20 13:12:03

Պարաք Օպամա, Փութին Եւ Հոլլանտ Արցախի Հարցը Արագօրէն Լուծելու Կոչ Կ՛ընեն։ Հայաստան Կ՛արձագանգէ «G20»ի Գագաթնաժողովի Յայտարարութեան . ։(Մեսսիքա)


Լոս Քապոսի (Մեսսիքա) մէջ կայացող Քսաններու ժողովի ընթացքին, Ֆրանսայի, Ռուսիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահները Երկուշաբթի, Յունիս 18ի յետմիջօրէին հանդէս եկան համատեղ յայտարարութեամբ մը,կոչ ուղղելով Հայաստանի ու Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն, որպէսզի միջոցներ ձեռք բերեն Արցախի հարցը կարճ ժամանակամիջոցի մէջ լուծելու ուղղութեամբ։
Նախագահները կոչ ըրին ամբողջութեամբ գործադրելու ԵԱՀԿի Մինսկի խմբակի համանախագահներու միջնորդական առաջարկները։Նախագահներ Վլատիմիր Փութին, Ֆրանսուա Հոլանտ եւ Պարաք Օպամա շեշտեցին, որ ռազմական ուժի գործածութիւնը ո՛չ միայն լուծում մը պիտի չբերէ հակամարտութեան, այլ աւելի պիտի երկարաձգէ շրջանի ժողովուրդներու տառապանքներն ու զրկանքները, որոնք արդէն երկար ժամանակէ ի վեր կը շարունակուին։
«Միայն խաղաղ բանակցութիւններով ձեռք բերուած համաձայնութիւնն է, որ ապահով ու բարեկեցիկ ապագայ մը պիտի շնորհէ տարածաշրջանին» ( ըսուած է յայտարարութեան մէջ) ։Փութին, Հոլլանտ եւ Օպամա իրենց կոչին մէջ կը յորդորեն որ Հայաստան ու Ատրպէյճան «բանակցութիւններու մէջ զերծ մնան ծայրայեղական դիրքորոշումներէ, պահպանեն 1994ի զինադուլի համաձայնագիրը եւ խուսափին թշնամական հռետորաբանութենէ»:
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան յայտարարութեամբ մը արձագանգած է «G20»ի գագաթնաժողովի ընթացքին Լեռնային Ղարաբաղի վերաբերեալ ընդունուած յայտարարութեան:
՝՝Նախագահներ Վլադիմիր Պուտինի, Բարաք Օբամայի եւ Ֆրանսուա Օլանդի կողմից ընդունուած յայտարարութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի վերաբերեալ, եռանախագահ երկների ղեկավարների արդէն չորրորդ յայտարարութիւնն է, որը կարող է խթան հանդիսանալ բանակցային գործընթացի համար:
Հայաստանն եռանախագահ երկրների հետ միասնական եւ վճռական է հիմնախնդրի բացառապէս խաղաղ կարգաւորմանը հասնելու առումով՝՝ (Կ՝ըսէ Նալբանդեան իր յայտարարութեան մէջ):








All the contents on this site are copyrighted ©.